ՀԱՄՈԶՈՒՄ
Ես դեռ կ’ուզեմ հաւատալ,
Որ կորած չէ՛ ամէն ինչ,
Սա աւարտը չէ մեր ուխտին։
Այսքան չարիքէ ետք կա՜յ դեռ փրկութիւն,
Կայ յարութիւն,
Կայ յոյս,
Դաւադիրին կողքին կայ մա՜րդը զտարիւն,
Նահանջին դիմաց՝ պայքարի տեսլական,
Կայ խաւարը վանող լոյսի նշոյլ,
Պայքարի ոգի,
Եւ անզիջող հայրենիքի սէ՜ր,
Որ դուրս պիտի բերէ մեզ այս մղձաւանջէն,
Այս ճնշող փորձութենէն։
Կ’ուզեմ հաւատալ...
2020