ՀԱՄԲՈՅՐԻԴ ՀԵՏ

Համբոյրիդ հետ

Այս գիշեր

Կրնամ անմահանալ,

Փակել մատեանը սիրոյ

Ու անէանալ...

 

Համբոյրիդ մէջ

Այս գիշեր

Կը սուզուին հին սէրերը բոլոր,

Կիրքերը երէկի,

Պատրանքները գալիքի

Ու ցանկութիւնները անիրական

Կը լուծուին միանգամայն։

 

Համբոյրիդ հետ

Այս գիշեր

Կ’աւարտին երազները անցեալի,

Ու կը բացուի լուսաշող հորիզոն մը,

Երազներէն անդին։


2022