ՀԱՄԱՌՕՏԱԿԻ
Ես շատ ահ եմ տեսեր,
Փոթորիկ ու մահ եմ տեսեր,
Կարօտախտ ու ցա՜ւ եմ կրեր,
Ապրեր եմ զարհուրանքը անորոշին
Ու յուսախաբութիւնը անհեթեթին,
Բայց տոկացեր եմ ցաւ ու ահին,
Խոնարհեր եմ դաւ ու խարդաւանքին,
Նեղութեան ու զրկանքին,
Լուռ եմ կրեր ամէնը, հաշտուեր
Ես ինծի ու աշխարհին հետ,
Անհաշտ կշռոյթին,
Անհեթեթ անցումին
Ու դառնահեծ ճակատագրին։
Կեանքիս մութ, թէ անել բաւիղներուն
Տեսեր եմ ահ ու պահեր երանութեան.
Կ’ապրիմ պահերն այդ երախտարժան։
Չափեր եմ աշխարհ ու տեսեր ոգիի մերկութիւն,
Մարդը՝ անզօր, անճարակ, մանրամիտ,
Եւ մարդը՝ ապերախտ, ընչաքաղց ու փառասէր։
Ծիծաղեր եմ յաճախ, ընկճուեր անվերջ ու երկա՜ր,
Ժպտեր ազնիւին ու հրճուեր երբեմն.
Հազա՜ր փառք այդ ժլատ պահերուն։
Օ՜հ, ապրեր եմ անվերջ տառապանքը մարդուն,
Իմն եմ նկատեր վիշտն ու գալարումները մարդուն,
Բայց հասկցեր ու ներեր եմ, ընդուներ աններելին,
Ու տարիներու հոլովոյթին հետ կառչեր կարեւորին,
Պարզ, անդէմ երբեմն, խոհին ու երազին,
Կեանքի խոյանքին ու շիջումին, ակնթարթին,
Ցաւեր եմ ակունքներուս պատճառած կսկիծին
Անորմէ բխած խորհուրդին,
Հոգիս արիւներ է մշտական,
Ու կ’արիւնի....
Ես շատ ահ ու մահ եմ տեսեր, բայց չեմ կոտրուեր.
Ճակատս պարզած նայեր ու անցեր եմ այս աշխարհէն՝
ուրուականի մը նման,
Միակ պայծառ աստղը դուն ես եղեր իմ երկնակամարին։
2022