ՀԱԿԱԴԻՐ ԲԵՒԵՌՆԵՐ
Իմ միտքը կը թեւածէ անուրջներուն մէջ հեռաւոր,
Մոլոր ու շուար,
Ամէն րոպէ նոր կայք կ’որոնէ,
Նոր պատրանք՝ իրեն հանգրուան.
Տարտամ ու անորոշ երթ,
Որ չունի աւարտ ու ոչ ալ դադար,
Կը մնայ գերեվար պայմաններուն անմխիթար:
Հոգիս, կիսուած Կղզիին նման
Միջերկրականին մէջ, մոլեգնած,
Կը տարուբերի ճակատագրի խաղերուն դիմաց
Տարտամ ու անտարբեր,
Ազատագրութի´ւն կ’աղերսէ,
Կը ցանկայ դառնալ միակամ ու համերաշխ՝
Իր ձգտումներուն ու երազանքներուն,
Բայց կը մնայ ենթակայ
Անհաշտ ու դառն իրողութեան:
Երբ ամէն ի´ր իմ շուրջ լո՜ւռ է, կարծես՝ գերեզման,
Իմ ներսիդին նոյն համանուագն է բազմաձայն,
Նոյն բախումը հակադիր բեւեռներու,
Որ կ’ընկճէ ամէն սլացք ու թռիչք,
Կը մատնէ իմ պարտութիւնը անողոք:
1988