ՀԱԼԱԾԱՆՔ
Կը փակեմ փեղկերը,
Կը խցկեմ ականջներս,
Գուցէ չլսեմ անվերջ գոյժերը
Մեզ դարպասող ամէն քայլի ու ժամու։
Կը փակեմ լուսամուտները,
Որ սպաննեմ ցաւին ահագնութիւնը ու
Զգայազիրկ, թմրամոլի մը նման՝
Չտեսնեմ մորմոքը սիրելիներու։
Կը փակեմ աչքերս խոնջած,
Հաղորդակցական միջոցները բոլոր,
Բայց ահա տես, որ գոյժը դրուժան
Կը հասնի ինծի՝ հալածող դեւի մը նման։
2016
ԿԱՄԱՐ, Թիւ 25-2016, էջ 21: