ԿՈՉ ՈՒՂԵԿՈՐՈՅՍ ՀՕՏԻ ՔՈՒՐՄԵՐՈՒՆ
Մահաքունի մտած կը խարխափեն
Քուրմերը մեր կաճառի ու տաճարի.
– Այդ ո՞ր բարեխնամ հողմերուն կը սպասէք,
Բանի ու խօսքի հանդերձանքը հագած
Առաքեալներ մեր օրերու խամրած.
Ո՞ր բախտաբեր օրերուն։
Տաքուկ անկիւններ ծուարած,
Իրարմէ գժտուած, կաթուածահար եղած,
Ներհուն ու դառնացած,
Խո՜ր մահաքունի մտած,
Մարդոց ու երկրի ցաւին,
Ողբին անտարբեր,
Տաքուկ խուցեր ծուարած,
Կը սպասէ՜ք...
Դո՜ւք, ցեղին խիղճը,
Կանչն ու երազանքը դաւանած
Մոլորած եւ ուղեկորոյս դպիրներ կաճառի
Ու սպասարկուներ տաճարի,
Ինչո՞ւ չէք ցրեր լաթերը ձեր առագաստին,
Ու բաշխէք մտքի ձեր գոհարները ժողովուրդին,
Մաքրէք տաճարը ապականած։
Ո՞ւր էք, քուրմեր մեր կաճառի ու տաճարի...
Սիպիրի ցո՞ւրտն է միթէ ձեզ մահաքունի մատնած,
Թէ՞ փառքի շքանշաններն են
Ձեզ համր ու խուլ ըրած։
Ե՞րբ պիտի դուրս ելլէք
Ձեր խուցերէն խնկաբոյր,
Մաշկերէն՝ հաճոյակատար,
Նետէք ձեր ուռկանները քարափներէն հեռո՜ւ,
Ձեր մռայլ ճակատները պարզէք ծարաւի արեւին,
Պատռէք դիմակները պատրանքին ու կեղծիքին,
Չմոռնաք նաեւ կէսգիշերի ուրուրներուն։
Տխուր ժամանակներ եղերերգի,
Անճիտուած յաղթանակի դարը հայուն,
Ազատութի՜ւն երգեցիք, անտարակո՛յս,
Հո՜ղ երգեցիք, ունէի՜ք անտէր ու ծարաւի հողեր,
Վասն ինչի՞, ինչո՞ւ էք լքեր ձեր գրիչն ու թուրը...
Ելէ՛ք ոտքի, պնդեցէ՛ք գօտի ու զրահ մարտի,
Նոր օրերու սուլթաններուն դէմ հագէք զրահ,
Դարձէք տէրը ցեղին,
Ոգի՛ն ժամանակին,
Ձեր լռութիւնը կը սպաննէ մեզ ամէն ժամ,
Հօտն իր հոգեվարքին կ’երթայ,
Անտարբերութեան պատմուճան հագած։
Ի՞նչ կը սպասէք, քուրմեր կաճառի ու տաճարի...
2022