ԿՈՉ

Զգաստութեան կոչ կ’ուղղեմ

Քնացող կամ կիսարթուն մարդոց.

Անոնց, որոնք կեանքի հեզասահ ընթացքին հետ

Կը քալեն անհո՜գ, միջօրէի լոյսէն կուրացած:

Ահազանգ կը հնչեցնեմ

Երէկուան ցաւը մոռցած այսօրուան հայերուն,

Անոնց, որոնք իրենց հոգին սպաննած

Կը քալեն կամովին անշքացման ուղիներէն:

Սփիւռքի մեծ ովկիանին մէջ ինկած,

Տակաւ առ տակաւ կը սուզուի ա՜զգ մը ամբողջ,

Կը տապալի չորս հազարամեայ կաղնին հզօր։

Ինքնախաբութեան զո՜ւր փորձեր են

Անխախտ պահելու անոր հիմերը,

Պահելու անոր գոյութիւնը յաւիտենական:

Ի վերջոյ կործանման արարն է բացուելու,

Պատմութիւնը՝ լաւագոյն վկայ:

Զգաստութեան կոչն է այս, ուղղուած՝

Ամէնուրեք, բոլորին...:

1985