ԿԸ ՓԼԻ ՏՈՒՆԸ, ԶԳՈ՜ՅՇ...
Կը քանդուին հիմերը տան,
Որ հայրերն մեր կառուցին
Այս հողին վրայ, երբ մանուկ էինք տակաւին։
Պատերը մեր տան ծեփ ու սվաղ չունէին,
Մերկ էին, տժգո՜յն, ինչպէս աստղերը երկնքին։
Պատերը մեր տան մեր թարմ շունչով ջերմացան,
Մեր մանուկ երգերով ծաղկեցան։
Դարձուցինք զայն պալատ մը փարթամ,
Խաբեցինք մենք զմեզ, բայց երջանի՜կ էինք...
Որո՞ւ կը խաբենք հիմա, երբ մարմարակերտ
Դղեակները մեր դատարկ են, ամայի՜։
Որո՞ւ կը խաբենք փողոցներուն մէջ անառակ,
Երբ սափրիչին մօտ ձրի է ամէն գաղտնիք։
Ի՞նչ մնաց թաքուն մեր վիճակէն անփառունակ,
Գաղտնիք չե՜ն պատիւն ու բարքերը մեր,
Գաղտնիք չէ նահա՜նջը լուռ, աղէտաբեր,
Աժա՛ն է, դաժա՛ն, ակա՜նջ տուէք միայն։
Կը քանդուին պատերը տան, որ հիւսեցինք
Այս հողին վրայ, երբ հասուն ենք արդէն։
Պատերը, զոր ծեփեցինք մեր ձեռքերով,
Կե՛ղծ ու թոյլ են, կը փլի՛ն, զգո՜յշ...
Կանչեցէ՜ք որմնադիրներ հմուտ,
Կանչեցէ՜ք վարպետները քար ու աղիւսի,
Մեր խախուտ տուները կը փլի՜ն,
Հիմերը կը դառնան փոշի։
Հարց տուէք սափրիչին, շաղակրատ աշկերտին,
Հարց տուէք տռփոտ պոռնիկին
Ճոխ դղեակներուն մէջ երփներանգ ծեփ ու աղիւսի,
Հարց տուէք փողոցը ողողած օտարին։
Ո՞վ որու կը խաբէ քաղաքին մէջ այս անառակ,
Հարցուցէք քաղցած մուրացիկին։
Բերէ՛ք հոգիներ կերտող քարտաշին,
Անշահախնդիր դաստիարակին
Ու հերոս վիրաբոյժին,
Բերէ՛ք ոգեղէ՛ն մեր վաղուան տունը
Կառուցող ազնիւ որմնադիրին...
Ուշ չէ՜ տակաւին,
Երբ աւերակ դարձած չէ՛ մեր տունը երբեմնի...
2016