ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ ԴԵՌ...
Երբ շուրջդ ամայի է,
Ու դուն քեզ կը զգաս շրջափակուած,
Ամէն քայլի ու քայլափոխի՝
Նոյնանման արահետներ կը խաչաձեւեն զիրար,
Երբ մայրամուտը հրաժեշտ կու տայ երկնքին մռայլ,
Միտքն ու հոգին կը բանին աննպատակ,
Թռչուններու ճախրանքը նախանձ կը գրգռէ անդադար,
Ո՞ւր նայիս պիտի, երբ աչքերդ մշուշապատ՝
Չեն կարող տեսնել հորիզոնը հեռահար,
Ու դեռ անդին... ապագան՝ տարտամ։
Երբ քաոսը հոգւոյդ՝ արգելք է,
Լսելու տրամաբանութեան սլաքին զարկը ուղղախօս,
Ու հոգւոյդ խայտանքը ղօղանջ մըն է թախծոտ,
Որոնումն ու քայլերը՝ մտամարզանք են ունայն,
Ու բախտին քմայքը՝ հոգեմաշ կատակ,
Երբ կ’որոնես Փրկիչդ, որ հեռո՜ւ է այնքան,
Ու ձեան փաթիլները քու վերեւ տաղտուկ միանգամայն,
Ինչո՞ւ կապանքները ձանձրոյթի ու յուսալքութեան
Կը սպաննեն կամքիդ ջիղերը համակ.
Ո՞ւր մոռցար կողմնացոյցդ, խե՜ղճ ապիկար,
Ու դարձար անոգի, անհեթեթին գործակատար,
Երբ կար երա՜զ ու պատրանք, անհուններուն ընդառաջ,
Ո՞ւր լքեցիր կողմնացոյցդ յստակ, ու եղար
Անելին դիմաց՝ ընկրկող ու տկա՜ր.
Երբ ամէնուրեք ամայութիւն է համատարած,
Երբ ժխորն է տիրակալ ձայնը մեր շուրջ,
Երբ կողմնացոյցը կորսնցուցած՝
Կը տուայտինք շուարած,
Կը նայիմ ձեզի՜
Ու կը տեսնեմ կեանքը՝
Կը շարունակուի դեռ...
2014
ԿԱՄԱՐ Պարբերաթերթ, Թիւ 21- 2014, էջ 36։