ԿԸ ՅԻՇԵ՞Ս, ՍԻՐԵԼԻ՜Ս

Կը յիշե՞ս՝ երբ գիշերային գինարբուքէն ետք,

Կը ճեմէինք ամայի ծովեզրին,

Ունկնդիր մեր ներքին խռովքին,

Մեղմ ալիքներուն ճողփիւններով ընդմիջուած:

Երջանիկ էինք անհունօրէն.

Գաղջ ջուրին մէջ, գիրկընդխառն,

Անմեղ սէր մը կը նուիրագործուէր

Ու կը ստանար եդեմական խորք:

Քեզ գրկած, կը կարծէի՝

Կեանքն ամբողջ առած բազուկներուս մէջ...:

Ու այդ էր կեանքը,

Պահ մը, որ կ’ուզէի մնար յաւիտեան...:

Ու համոզուեցայ, թէ սէրը՝

Անմեղունակ, ջինջ իր գգուանքով,

Կու գայ-կ’անցնի զեփիւռի մը նման,

Կը մնայ բախտաւոր միայն ա´ն,

Որ իրօք ապրա՜ծ է զայն...:

1985