ԿԸ ՄԵՂԱԴՐԵՆ ՄԵԶ
Կը մեղադրեն մեզ բազում մեղքերով...
Մեզ կը մեղադրեն սիրելու,
Նաեւ ատելու համար,
Երբ սէր ու ատելութիւն չեն զանազանուիր
Մեր օրերուն, բռնազբօս այս աշխարհին մէջ.
Կ’ուզեն հաւատացնել, թէ մեծախոհ են իրե՛նք միայն
Ու շրջապատը՝ սոսկ ծիլեր դդումի,
Որոնց ջրել է պէտք, որ ապրին ուրա՜խ...
Մեր ուղեղին մէջ ցանեցին լոյսը խաչին,
Բայց իրենք կը հնձեն գոհարները մեր հոգիին.
Մե՜ղք ունի, ըսին, մի՛ զրպարտէք, մի՛ դատապարտէք,
Բայց շնացան ու խաբեցին տիւ ու գիշեր,
Կեղուեցին դդումը, ձգեցին կեղեւը,
Եւ կը մեղադրեն, որ դդումն է անորակ։
Օ՛, սերունդ ֆայպըր օփթիքի,
Փոխան արեան ու ապրումի՝ կը ճեղքէք մարմինը,
Հոն կը ներարկէք միտքեր ու գաղափարներ թապու,
Երբ մեզմէ պահանջուածը ըլլալն էր հլու նախիր.
Աշխարհը կ’եղափոխուի կ’ըսեն,
Բայց ո՞ւր կ’երթայ մա՛րդը այս դարուն հալածական.
Հոն ներմուծեցիք Եակոյի մեղքերը, բազում վարակներ՝ Միասեռականութիւն, սեռափոխութիւն, ախտեր,
Սպանդի, ահաբեկչութեան, բռնութեան մոլութիւններ։
Դեռ կը մեղադրեն մեզ ատելու համար,
Իսկ սէրը արդէն բացակայ է շատոնց,
Կայ խաբկանքը սիրոյ, ցնորական աշխարհի մէջ,
Սէրը պարտուած ճակատամարտն էր մեծ մարտին,
Որուն մէջ նետուած ենք բիւր դարեր։
Մեզի հաւատացուցին նաեւ, որ բանն է զօրաւոր...
Գործը կրնայ հայելին չըլլալ խօսքին։
Դուք հաւատացէ՛ք, ըսին, թէկուզ ըլլաք խաբուած.
Վստահ էին, որ կեղծիքին շպարն է ոսկեզօծ,
Ու աչքին փոշին՝ ադամանդը, որ կը հմայէ...
Եւ կը մեղադրեն, որ արդարութեան ձայնին ականջալուր չենք.
Դուք արդարութիւնը վերածեցիք ամուլ խաբկանքի՝
Լռեցնելու, կեղեքելու, ճնշելու ամբոխները մոլորած...
Ո՛ւր էք, աստուածներ, ա՛յս խառնակ ժամանակներուն։
Եկէք, ազատեցէ՛ք մարդը քայքայուած,
Դեռ չե՛նք խօսիր հայուն մասին կորուսեալ...
Երբ մանուկ էինք, հարց կու տայինք
«Բաբելոնի աշտարակ» կոչուած հանելուկին մասին։
Երբ դարձանք խելահաս,
Տեսանք, թէ աշխարհը Բաբելոնի ախոռ է, ո՛չ աշտարակ,
Աշտարակը աստղերն ի վար ծիծաղող աստուածներն են։
Ալ ի՜նչ հաւատք բանին ու գործին,
Երբ երեւոյթները խաբուսիկ ու կեղծ են՝
Մարդուն հոգիին ու խղճին վրայ ճնշած,
Երբ ամբոխը դատապարտուած է զոհաբերութեան։
Մի՛ մեղադրէք հօտը մոլորեալ,
Երբ հովիւն է զինք լքած ու հեռացած։
2017