ԿԸ ՄԵՂԱԴՐԵՆ ՄԵԶ
Կը մեղադրեն մեզ բազում մեղքերով…
Մեզ կը մեղադրեն սիրելու համար,
Կը մեղադրեն նաեւ ատելու համար,
Երբ սէր ու ատելութիւն չեն զանազանուիր
Մեր օրերուն, բռնազբօս այս աշխարհին մէջ.
Կ’ուզեն հաւատացնել, թէ մեծախոհ են իրե՛նք միայն
Ու շրջապատը՝ սոսկ ծիլեր դդումի,
Որոնց ջրել է պէտք, որ ապրին ուրա՜խ…
Մեր ուղեղին մէջ ցանեցին լոյսը խաչին,
Բայց իրենք կը հնձեն գոհարները մեր հոգիին.
Մե՜ղք ունի ըսին, միʹ զրպարտէք ու մի՜ դատապարտէք,
Բայց շնացին ու խաբեցին տիւ ու գիշեր,
Կեղուեցին դդումը ու ձգեցին կեղեւը,
Եւ կը մեղադրեն, որ դդումն է անորակ:
Օ՛ սերունդ ֆայպըր օփթիքի,
Փոխան արեան ու ապրումի՝ կը ճեղքէք մարմինը,
Հոն կը ներարկէք միտքեր ու գաղափարներ թապու,
Երբ մեզմէ պահանջուածը ըլլալն էր հլու-հնազանդ նախիր.
Աշխարհը կ’եղափոխուի կ’ըսեն,
Բայց ո՞ւր կ’երթայ մա՛րդը այս դարուն հալածական.
Հոն ներմուծեցիք Եակոյի մեղքերը, բազում վարակներ՝
Միասեռականութիւն, օրճի, սեռափոխութիւն, ախտեր,
Սպանդի, ահաբեկչութեան ու բռնութեան մոլութիւններ,
Դեռ կը մեղադրեն մեզ ատելու համար,
Իսկ սէրը՝ արդէն բացակայ է վաղո՜ւց.
Կայ խաբկանքը սիրոյ, ցնորական աշխարհի մէջ,
Սէրը պարտուած ճակատամարտն էր մեծ մարտին,
Որուն մէջ նետուած ենք դարեր շարունակ:
Մեզի հաւատացուցին նաեւ, որ բանն է զօրաւոր…
Գործը կրնայ հայելին չըլլալ խօսքին.
Ոչիʹնչ, դուք հաւատացէ՛ք ըսին, թէկուզ ըլլաք խաբուած.
Գիտէին վստահ, որ կեղծիքին շպարը ոսկեզօծ է,
Ու աչքին փոշին՝ ադամանդը, որ կը հմայէ…
Եւ կը մեղադրեն, որ արդարութեան ձայնին ականջալուր չենք.
Դուք արդարութիւնը վերածեցիք ամուլ խաբկանքի՝
Լռեցնելու, կեղեքելու, ճնշելու, քնացնելու ամբոխները մոլորած…
Ո՛ւր էք, աստուածներ, եկէք աʹյս ժամանակներուն
Խառնակ, ազատեցէʹք մարդը քայքայուած,
Դեռ չե՛նք խօսիր հայուն մասին՝ հօտին նման կորուսեալ…
Երբ մանուկ էինք, հարց կու տայինք
‘’Բաբելոնի Աշտարակ’’ կոչուած հանելուկին մասին.
Երբ դարձանք մասամբ խելահաս,
Տեսանք, թէ աշխարհը Բաբելոնի ախոռ է, ոʹչ աշտարակ,
Աշտարակը աստղերն ի վար ծիծաղող աստուածներն են.
Ալ ի՜նչ հաւատք բանին ու գործին,
Երբ երեւոյթներն անգամ խաբուսիկ ու կեղծ են՝
Մարդուն հոգիին ու խղճին վրայ ճնշած,
Երբ ամբոխը դատապարտուած է զոհաբերութեան:
Միʹ մեղադրէք ոչխարը կորուսեալ,
Երբ հովիւն է զինք լքած ու հեռացած:
2017
ԿԱՄԱՐ, թիւ 32, 2019, էջ 67-68։