ԿԵԱՆՔԻ ԸՆԿԵՐ ԱՆԲԱԺԱՆ
Տրտմութի՜ւն...
Անբաժան ընկեր իմ կեանքի երթին,
Ուղեկից մը՝ անհրապոյր,
անբացատրելի,
անյաղթահարելի,
Կը մնանք ճիրաններուդ մէջ՝ թակարդուած,
բզկտուած,
Անկարող՝ դուրս վանելու քեզ
մեր հոգիի մութ քարանձաւներէն,
Դուրս շպրտելու քեզ՝
մեր առօրեայի ճնշող խռովքներէն.
Տրտմութի՜ւն...
Մեր միտքն ու հոգին գերած՝
ղօղանջը առաւօտեան,
արձագանգը գիշերի,
մղձաւանջը մեր երազի յաճախանքներուն,
ու դառն գինին մեր հաճոյքի պահերուն,
Երնէ՜կ քեզի, հաւատարիմ ուղեկից,
Անբաժան կենակիցը մարդ արարածին,
Մինչեւ մեր վերջալոյսին յամեցող ստուերը՝ տիրական։
2004