ԿԱՐՕՏ

Ձմեռ է, երկինքը փոթորկոտ,

Հողը՝ ջրառատ ու կուշտ, ծառերը՝ խոնջած ու ամլոտ։

Ամէն ոք կարօտն ունի գարնան ջերմ արեւին,

Սպասումն է դարձած անձկութիւնը բոլորին,

Կուշանայ գարունը մեր երկնակամարին,

Հոգիներուն ձանձրոյթ է պատած ու շփոթ։

 

Ձմեռ է, հոգիները՝ անզօր ու ալեկոծ,

Ո՛չ միայն երկնքի բարկութենէն,

Այլեւ ղօղանջող զանգերէն,

Որոտացող հրթիռներէն

Ու տառապանքի կիզումէն։

 

Կու լայ երկինք, կու լայ երկիրը պարտեալ,

Կողբայ մարդը կեղեքուող, ցաւերու մէջ անկեալ։

Անզօր է աշխարհը,

Յուսաբեկ է բնութիւնը, կատղած,

Մարդը անզօր, ընկճուած,

 

Անձկութիւնն է հոգիները պատած,

Կարօտը երկնքի ու երկրի խաղաղութեան։


2022