ԿԱՐՕՏ

Կարօտն ունիմ երէկի երազներուս,

Պատանեկան խանդին ու կենսաոճին.

Տարիները հեռացուցին զիս այդ բոլորէն,

Վերածեցին զիս նոր մարդու մը, օտարակա՜ն, անտարբե՜ր,

Նոր արժէքներ ու երազներ որոնողի´,

Մարդու մը՝ այլակերպ ու մոլոր,

Անկարող՝ սեփական իր նաւը ուղղելու,

Հիմնականը մասնակիէն զատորոշելու...

Հիմա նոր աշխարհ մըն է իմ դիմաց,

Տարբեր մարդիկ ու արժէքներ,

Ու նոր մարդ մըն եմ ե´ս, կարծես,

Այլասերման հետքեր պարզող,

Նիւթով թրծուած հանք մը կարծես,

Որ սակայն, այդ վիճակին մէջ եւեթ,

Անհունութեան ձգտող անճանաչ պոէտ մըն է

Էապէս, աշխարհներ նուաճելու հակամէտ...

1987