ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԳԱԼԻՔ ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐՈՒՆ

Մեր դաժան երթին, երկունքով լեցուն,

Անիրաւ այս աշխարհի երկնակամարին տակ,

Նայէ՛ անպարտ աչքերով, հաւատքով զեղուն,

Բազուկդ է միտքդ, յաղթութեան վահանը ամրակուռ։

 

Մի՛ սպասեր օտարէն ո՛չ օգուտ, ո՛չ կարեկցանք,

Օտարին քնքշանքը սուտ է, սին խաբկանք,

Արենակիցդ է միայն վստահելի բարեկամ,

Մեր գոյութեան երթին՝ փրկութեան միակ լաստ։

 

Մէկդի դի՛ր խիղճ, զգացմունք, նաեւ արդարն ու բարին,

Քանզի ազգին, հայրենիքին շահն է նպատակը վերին։

Քայլերդ ընտրէ՛ նոր ժամանակներուն յարիր՝

Միտք ու հանճար վերածած հզօր յենարան։

 

Նայէ՛ հեռուն, աչքերդ յառած Արարատին մի՛շտ,

Պիտի քալես հպարտ, ու չկոտրիս երբ իյնաս,

Պիտի կանգնիս կրկին, շտկես մէջքդ կոր,

Անունդ է հայ. հայը խորհրդանիշ է յաւերժութեան։

 

2020