ԽԼԱՑՆՈՂ ԱՂՄՈՒԿ
Անցա՜ն այն օրերը
Երբ ճառերը բոցաշունչ
Ամբոխները քուրայ-քուրայ առկայծող
Կոչեր էին հրաշագործ.
Հիմա ուրիշ ժամանակներ են այլեւս։
Մարդիկ ձանձրացած են վերջապէս
Մեծխօսիկ ճառերէն,
Խօսքերէն, որոնց չի յաջորդեր գործը,
Կը զզուեցնէ իրապէս։
Եւ կ’ըսէք, կը կրկնէք լոզունգները նոյն,
Ծեքծեքուն ծամօնի նման,
Կը հաւատաք, թէ կը համոզէ՞ այդ մէկուն,
Երբ իրողութիւնը կը ճառագայթէ
Արեւուն նման, օրնիբուն։
Զո՞վ կը փորձէք համոզել, խաբել ու դարպասել.
Անցա՜ն այն օրերը, երբ տկլոր աչքերով
Կուլ կու տային մարդիկ հրամցուած ճաշը պաղ,
Երբ զիլ ձայնը երբեմնի հաճելի կը հնչէր ականջին,
Ու շռայլ բառերը, բոցավառ ճառերով հրամցուած,
Ոգեշունչ սնունդ հոգիին.
Այդ ձայներն արդ դարձած են խլացնող,
Իսկ գոռոցները՝ ծիծաղ առթող նուագ խժալուր։
Նայեցէ՛ք ձեր շուրջ նօսրացող շարքերը մարդոց,
Կը հեռանան անսպառ կեղծիքէն ու խաբկանքներէն,
Կը հեռանան հոգիի եւ մտքի տաճարներէն,
Կը հեռանան փուճ խօսքերէն, միշտ կրկնուող։
Մեծխօսիկ խօսքերէն,
Փողերէն ու փուչիկներէն
Մարդիկ ձանձրացած են, հաւատացէ՛ք.
Նուագն այդ անտառի մէջ շշնջացող երաժշտութիւն չէ՜ ալ,
Այլ վնասաբեր ու բթացնող ժխոր...
2018