ԽԱՉԱՓԱՅՏԸ ՄԵՐ ՁԵՌՔԻՆ
Խաչափայտը բռնած ամէն աղէտի աւարտին,
Ու կպած խաչքարէ ցուրտ մարմարին,
Ողբե՜ր կը հիւսենք լալահառաչ, երբ անդին՝
Հրէշը արիւնարբու, ծիծաղը դէմքին՝
Խաղաղութեան դափնի պարզած մեր երկրին,
Բռնազբօսիկ պատրանքներ կը սփռէ, նենգ ու դրուժան։
Դարերու անէծքն է, արդա՜ր երեւի, մեր վզին,
Դաժան ժամանակներու վրէժն է կպած մեր երթին,
Օ՜հ, ժամանակներ դաւի ու չարիքի, տիրակա՜լը մեր բախտին,
Զոհն ենք ու դահիճը յիրաւի, մեր ապիկառ լինելութեան,
Կը քաղենք փտած բեռքը մեր քնաբեր պատրանքներուն:
Կը քալենք մտամոլոր ու հեգնական՝ Երկրի երեսին,
Սիգապանծ կնոջ սնապարծ նազանքով մը անմեկին,
Կը ծիծաղի աշխարհ, ի տես՝ մեր մտքի կշիռին,
Կը դիտեն մեզ, կպած ցուրտ խաչքարին,
Որուն հմուտ վարպետներն ենք եղած, դարեր ասդին.
Խաչափայտը բռնած կ’երթանք տարտամ ուղիներէն,
Մեր հոգւոյն մաղձն ու անէծքը թափած աշխարհին.
Օ՜հ, սիզիֆեան ինքնամատոյց անէծքն է կպած մեր խաչափայտին,
Ազատումն անկէ պիտի մնայ բաղձա՜նք երանելի…
Մենք, յիրաւի, կ’երթանք մեր պատմութեան մայրամուտին…
2022