ԽԱՉԱՓԱՅՏԸ ՄԵՐ ՁԵՌՔԻՆ

Խաչափայտը բռնած ամէն աղէտի աւարտին

Ու կպած խաչքարի ցուրտ մարմարին,

Ողբե՜ր կը հիւսենք լալահառաչ, երբ անդին

Հրէշը արիւնարբու, ծիծաղը դէմքին՝

Խաղաղութեան դափնի պարզած մեր երկրին,

Պատրանքներ կը սփռէ, նենգ ու դրուժան։

 

Դարերու անէծքն է, արդա՜ր երեւի, մեր վզին,

Դաժան ժամանակներու վրէժն է կպած մեր երթին,

Օ՜հ, ժամանակ ցաւի, դաւի ու չարիքի, տիրակա՜լը մեր բախտին,

Զոհն ենք ու դահիճը յիրաւի, մեր ապիկար լինելութեան,

Կը քաղենք փտած բեռքը մեր քնաբեր պատրանքներուն։

 

Կը քալենք մտամոլոր ու հեգնական՝ Երկրի երեսին,

Սիգապանծ կնոջ սնապարծ նազանքով մը անմեկին։

Կը ծիծաղի աշխարհ, ի տես մեր մտքի կշիռին,

Կը դիտեն մեզ, խոնարհած ցուրտ խաչքարին,

Խաչափայտը բռնած կերթանք տարտամ ուղիներէն,

Մեր հոգւոյն մաղձն ու անէծքը թափած աշխարհին։

Օ՜հ, սիզիփոսեան անէծքն է կպած մեր խաչափայտին,

Ազատումն անկէ պիտի մնայ բաղձա՜նք երանելի...

 

Մենք, յիրաւի, կերթանք մեր պատմութեան մայրամուտին...

 

2022