ԽԱՅՏԱՆՔ

Կը խայտայ հոգիս այս գիշեր,

Սիրոյդ հեւքոտ բառերուն մրմունջին հետ։

 

Ծառերն ու աստղերը խանդոտ կը նային մեզի,

Ծածուկ բառերդ կը գաղտնազերծեմ

Բառ առ բառ, փերթ առ փերթ,

Ու անոնք զիս գգուանք ու հրճուանք կը պարգեւեն.

 

Ուշադիր նայուածքներ կը պարուրեն մեզ,

Գիտեն երեւի, որ խորհուրդ մը կը փոխանցես,

Մի՞թէ կը բամբասես մէկուն հաշուոյն՝

Կ’ենթադրեն։

Գաղտնալսել կը փորձեն, զգո՜յշ։

 

Երանելի աշխարհի մէջ ենք արդարեւ.

Հոգիս կը խայտայ թիթեռին նման շրջուն,

Պատրանքին յանձնուած կը ճախրեմ հեռուներ,

Երազի աշխարհն է իմ տունը այսուհետեւ.

 

Օ՜հ, գիտեմ, երանութեան դեռ շատ պահեր

Պիտի պարգեւես ինծի, ու ես պիտի վերածնիմ

Ամէն մէկ խօսքիդ, ժպիտիդ, նայուածքիդ ու գգուանքիդ հետ։

Դռներ պիտի բացուին, դռներ գոցուին ընդմիշտ,

Հոգիս պիտի խայտայ անհունին երանութիւնը ապրած,

Մինչ մայրամուտը ամէն օր աւելի պիտի հեռանայ։

 

Հոգիս կը խայտայ այս գիշեր.

Սիրոյդ հուրն է հոգիս կլանած։


2022