ԽԱԲԿԱՆՔ

Մշտանորոգ բեկումներու ղօղանջն է տխուր,

Կը թեւածէ երկրէ երկիր, մահերգ ու սգերգնե՜ր

Սփռելով աւերուած քաղաքներէն անհրապոյր։

 

Օ՜հ, երկրային արդարութիւն,

Դուն խաբկանք մըն ես մեր դարուն,

Խորտակուող երազներու կոծ ու կական

Ընդ աստեղօք կը մնան տիրական։

 

Որբ հոգւոյս անճրկած

Խուլ ծերպերուն խօլ խաւար է պատած,

Կարտասուէ աշխարհիս ցաւերէն յորդած,

Քանզի աշխարհ փակուղիի դիմաց է կանգնած։

 

Ու կը մարի ամէն օր մարմրող յոյսը վերջին,

Երազներու ղօղանջներէն անդին

Կը ծնի ըղձանքը երկնային յորդ արշալոյսին,

Գուցէ խաբկանք մըն է ա՜ն ալ

Մեր ցնորամիտ զառանցանքին։


2022