ԽԱԲԿԱՆՔ

Գորշ մենութեանս մէջ

Կը վերականգնիս դարձեալ,

Երազներուս իշխանուհի,

Կը մաշես կամքս բոցավառ...

Որքա՜ն ազդեցիկ ես դուն, կիʹն.

Սէրս քեզի կը մնայ անուղղայ,

Անյաղթահարելի կիրք մը ոգեղէն:

Եկուր ինծի՝ գիշերին մէջ այս դժխեմ.

Խոստովանիմ քեզի իմ սէրս,

Իմ պարտութիւնս, ակամայ:

Գիտե՜մ, պիտի չգա՜ս...

Պիտի հեգնես սէրս տղայական,

Իսկ ես պիտի տոկամ, hաւատա´,

Սպասելով այն օրուան երբ գաս պարտասած

Ու ընդունիս սիրոյս անկեղծութիւնը, անաչառ:

Ո՜հ, այն ատեն պիտի ես ապրիմ յաւիտեան...:

1982