ԼԻԲԱՆԱՆ
Ծննդավայր իմ երկիր,
Երբեմնի շքեղ քաղաք, դրախտային,
Անցեալին մէջ կորած հպարտութիւն,
Ափսո՜ս, հիմա լոկ պատրանք,
Խաբուսիկ մնացորդաց մը մշուշապատ,
Դուն, յուսալքութիւն համակ,
Վշտի ու դառնութեան անվերջ ովկիան,
Դուն, պատմութիւն հիմա,
Ողբերգական տռամ մը անաւարտ,
Տխուր երգ մը ամբոխներու շրթներուն...
Դուն,
Երկրորդ հայրենիք հայուն…
Կրակի, մեղքի ու վշտի դուն մնայուն օրրան,
Փառքդ վաղեմի շիջող երգ է հիմա
Քարացած մամիկներու մրմունջներուն մէջ.
Ներկան կսկծալի դաժան մորմոք է
Նոր սերունդի հոգիներուն վրայ ծանրացած,
Ազատագրումը հեռակայ՝ իտէալ,
Պատմութեան դատաստանին առաջ
Հիմա քու հերթն է զոհաբերութեան
Վերջնական անէացման գնով պայմանաւոր...
1989