Ի ԽՈՐՈՑ ՍՐՏԻ ԿԸ ՆԶՈՎԵՄ
Որդեկորոյս մայրերու խոր հառաչանքներէն,
Ծովուն ընդերքէն ժայթքած լաւային նման՝
Դուրս կը հոսին ցաւի ու երկունքի
Մաղձը տարերային, ճիչը ողբաձայն,
Ընդդէմ ձե՛զ, որ դարձաք այս օրհասին պատճառ,
Լսեցէ՛ք արդ, անիծեալ սողուններ գիշերային դաւին,
Աղջամուղջին մէջ սրսփացող վիժուածքներ մահաբեր,
Ձեզի են ուղղուած դառնահեծ բառերն իմ արիւնածոր.
Դո՛ւք, որ մեր ցեղին երազները դրած վաճառքի,
Խաբէութեամբ ու մեղրածորան օրօրներով դաւեցիք
Ձեզի վստահած մեր բարի ու ազնիւ ժողովուրդին,
Հաւատացուցի՛ք, թէ ազատութեան պայքարի հնոցին
Կատաղի մարտիկներն էք, յաղթութեան առաջնորդող,
Ու մոլեռանդ կիրք ու անհաշտ ճիգով
Պիտի մեզ ուղղէիք քսանմէկերորդ դարը յաղթապանծ,
Դո՛ւք, անիծեալ, եսամոլ ու տխեղծ այրեր,
Մեզ բերիք մեր ողբագին հոգեվարքին,
Նուաստացման խարանը կոփեցիք հայուն ճակատին։
Մորմոքող մայրերու դարնահեծ հոգիներէն
Կը բանադրեմ ձեզ, օր ու գիշեր։ Թող մինչ մահ
Ձեր հոգիները ճենճերին զղջման ողբի հառաչանքներով։
Թող անէծքը մեր ցեղի
Դառնայ շունչը մահաբոյր ձեր դղեակներուն,
Ու պալարը մեր պատանքէ ձեր քօղը ժահրաբոյր,
Թող որդիները ձեր անիծե՛ն ձեզ, ձեր դաւը նենգ,
Օ՛հ, ձեր ճակատին, մերձ ի մահ, դրոշմուի թող
խարանը դաւաճանի։
Գալարուող մայրերու ընդերքներէն
Կը ցայտեն հեծեծանքներ ողբաձայն
Որպէս վճիռ բարձրաղաղակ,
Իսկ մեր լեռներէն ժայթքող հառաչանքներուն ճիչը
Մեր հոգիներուն մէջ պիտի դրոշմուի որպէս ամօթի մահերգ։
Օ՛հ, անկցիք դուք, նետուիք աղբանոցը պատմութեան,
Զի մեր խոշտանգուած ու խաչեալ հոգիներէն յառնող
Ողբը պիտի սաւառնի ձեր շիրիմներուն վերեւ ընդմիշտ
Ու անդորր չտայ ձեր ճենճերող, մեղսարկու հոգիին։
Իմ ցեղը, հաւատացէ՛ք, պիտի խրոխտ կանգնի կրկին
Ու սրբէ ամլացնող ցաւը մեղկ ամօթին,
Զոր դուք անյիշաչար ու տխուր այդ օր, բերիք հայուն գլխին,
Պիտի գտնէ իր մէջ նոր խոյանքի մը անհուն բոց ու մղում,
Իսկ անայգաբաց այս գիշերին պիտի յաջորդէ՛ արեւածագը...
Կրկին։
2021