Ի ԶՈ՞ՒՐ...
Ի զո՜ւր էին բոլոր փորձերս երէկի...
Համոզելու ես ինծի, թէ գլանիկի ծուխին նման,
Պիտի ի վերջոյ մարի կայծը
Մեր հի՜ն, ծածուկ ոդիսականին։
Ա՛յն, ինչ կը պատահի հիմա, տարօրէն կատաղի,
Լո՜ւռ մարտը մեր արգիլուած սիրերգին,
Խաբկանք մըն էր երեւի ժամանակի, ուրիշ ոչինչ։
Քեզ վանել փորձելով կրցայ մխիթարուիլ,
Հեռացար ու եղար յուշ մը աղօտ։
Անցա՜ն օրեր, հոգւոյդ աստղերը յամեցան
Հոգւոյս մէջ ու դէմքերուն վրայ չորսդիս,
Դէմքդ մնաց խառնափնթոր խաժամուժին մէջ ամբոխին։
Խանդոտ ձայն մը յանկարծ հեռախօսի ընկալուչէն
Զիս կրկին գլորեց մղձաւանջին մէջ երէկի,
Ջերմութեանդ, հմայքիդ ցանցին մէջ դիւթիչ
Ինկայ զսպանակուած մարիոնէթին նման։
Կը փորձեմ վանել զայն կռուի մէջ անհաւասար,
Թմրանիւթ սրսկել այս երկունքին,
Բայց չեմ յաջողիր ատել քեզ,
Չեմ կրնար մոռնալ քեզ,
Չեմ կրնար չսիրել քեզ կրկին...
Օ՜հ, ըղձանք սեւաչեայ,
Իմ սէ՜ր վտարանդի,
Կը մնաս հո՜ն, արեանս մէջ տաք սրտիս։
Օ՜հ, ինչպէ՞ս վանեմ քեզ առյաւէտ,
Մարեմ կրակը, որ կը ճարճատի ընդմիշտ։
Ի զո՞ւր էին բոլոր փորձերս երէկի,
Խաբկա՞նք մըն էր միայն ժամանակի, ուրիշ ոչի՞նչ։
2017