ԻՆՉՈ՞Ւ, Տէ՜Ր ԻՄ...
Այդ ո՞ր օրէնքով, Տէ՜ր իմ, եւ ինչո՞ւ
Մեր ամէն քայլին յառաջատուական
Պատուհաս մը ահարկու կը հարուածէ մեզ,
Ու կը նահանջէ պայքարը մեր,
Ինչո՞ւ...
Ինչո՞ւ զլացար հայուն հայրենի ամուր տուն,
Այլոց նման,
Վերածեցիր մեզ կատաղի ալիքներուն բախող
Ժայրակտոր մը փխրուն.
Նայէ՛, տես իմ ցեղը. կը տոկայ ցարդ,
Թէկուզ մերձ ի մահ իր մաքառումներուն,
Անվերջ կորուստներուն ու ցաւերուն.
Գթա՛, ողորմէ Տէ՜ր, զի մահամերձին նման
Ան կը տենչայ ապրիլ արժանապատիւ, ազա՜տ,
Բայց դարձած է աչքի փուշը ոխակալ հարեւաններուն,
Չարիք, մահ ու աւեր սփռող չորսդին....
Նայէ՛ ներքեւ, տես հայրենիքն իմ, այնքան հեռո՜ւ
Դարերուն երազանքէն։ Ներոնին նման կ’այրէ օճախն իր,
Դիւային մոլուցքով մը, որ նմանը չունի։
Տե՛ս ոսոխները չորսդին, կը դաւեն անխնայ,
Կը յօշոտեն անոր միսն ու հողը կիզուած,
Հնամեայ ցեղդ վերածուած է անմիաբան հօտի,
Խեղճ գնչուներու նման, եղերերգակ։
Տէ՜ր իմ, ինչո՞ւ այս ճակատագիրն է մեզ վիճակուած,
Ո՞ր օրէնքով եւ ինչո՞ւ դարձած ենք միշտ ոտքի կոխան,
Քաւութեան նոխազ ու տարբաժան...
Զոհն ու գերին ենք մեր անմիաբանութեան։
Ե՞րբ պիտի մե՛նք ալ
Մեր հայրենիքին նայինք որպէս տուն, ո՛չ՝ օթեւան։
Մորմոքն ու ողբը, եղերերգն այս տխուր
Ե՞րբ պիտի ունենայ վերջ ու վախճան,
Երբ մեր շուրջ ամէն օր
Նահանջն է, փող ու թմբուկով, բարձրաղաղա՜կ,
Երբ, մեր ամէն քայլին յաղթարշաւ,
Պատուհաս մը կը հարուածէ միշտ
Ու մեզ կը գլորէ կրկին անդունդն ի վար....
Ինչո՞ւ, Տէ՜ր իմ։
2021