ԻՆՉՈ՞Ւ ԼՈՒՌ ԵՍ, ՀՈԳԻ՛Ս
Ըսէ՛ ինծի, ինչո՞ւ լուռ ես, հոգի՛ս,
Երբ երկրաշարժ է քու ներսիդին։
Հրաբո՞ւխ մըն է արդեօք հանգած հոն,
Ինչո՜ւ բոսոր լաւան դուրս չի հոսիր։
Ինչո՞ւ համր է տաւիղդ, չի՜ հնչեր
Մեղեդիներ քնքոյշ, մահերգներ տխուր։
Ինչո՞ւ ծոցատետրիդ մէջ բառերը կը խամրին,
Մինչ հոգւոյդ մէջ սաղմոս ու սիրերգներ կը ծորին։
Ըսէ՛ ինծի, ինչո՞ւ տխուր ես, հոգի՛ս,
Ու բառերդ միշտ զուսպ, երբ աստղերն ու երկինք
Ծանօթ են բոլոր խորհուրդներուդ։
2018