ԻՄ ՏՈՒՆԸ

Երբ գամ ես մօտդ,

Ինչ ժամանակ ալ որ ըլլայ ան՝

Գիշեր, փոթորիկ թէ գարնանային զեփիւռ,

Բաʹց դռներդ, գրկէʹ ինծի,

Կարծես վաղուց տեսած չես ինձ.


Եւ երբ հանդիպինք մենք կրկին,

Ողջագուրուինք, համբուրենք զիրար կաթոգին,

Ներէʹ ինծի սխալներս անցեալի,

- Մանրուքներ են անոնք քանզի,

Ու խօսքերս՝ մերթ դաժան, մերթ անտեղի,

Ընդունէ, որ իմ սէրս, նման գինիին,

Պիտի մոռցնել տայ քեզի

Վիշտերը զոր ես պատճառեցի:


Հաւատա՜, ինչ կերպարանքով ալ ես գամ,

Պիտի միշտ գամ զղջումի դառն զգացումներով,

Մանուկի անաղարտ հոգիով կարօտալից,

Բայց եւ կրքոտ խանդով սիրականի,

Որուն օրը կը հասնի լրումի, երբ մտնէ տուն՝

Իր ջերմ երդիքին տակ իր աչքերը փակելու:


Երբ թակեմ դուռը ու գամ մօտդ,

Գիտցիր, թէ աւարտած են թափառումներս բոլոր,

Ու վերադարձած եմ իմ ջերմ բոյնը,

Իմ խոնջած աչքերս փակելու։

2017

Կամար, Թիւ 28-2017, էջ 23-24: