ԻՄ ԽՕՍՔՆ ԱՅՍՕՐ
Երբ իմ ցաւը խո՜րն է այնքան
Ու իմ հոգին՝ ամլացած, խոցուա՜ծ,
Աշխարհին հանդէպ՝ անհաշտ,
Ինչպէ՞ս կիսեմ ցաւն ուրիշին,
Տագնապն անոր ինչպէ՜ս զգամ.
Անտարբեր, մոլեռա՛նդ չեմ, ամենեւի՛ն,
Բայց իմ կորուստն ու ցաւը ուրիշը չողբաց,
Իմ մայրերուն լացն ու կոծը ուրիշը չլսեց,
Իմ երկրին կորուստը ուրիշը չբաժնեց,
Արդարութիւնը ինքն իր շահերով չափեց
Ու զոհեց, լքե՜ց մեզ, ժխտե՜ց ու անտեսե՛ց...
Այս բոլորը ես տեսայ, աչքերովս անճրկած։
Ու հիմա, ըսէ՛ք ինծի,
Ինչպէ՞ս կիսեմ ցաւն ուրիշին,
Լսեմ հառաչանքն անոր արդա՜ր,
Երբ իմ հոգին դեռ կ’արիւնի...։
2022