Ի՞Մ ԱՇԽԱՐՀԸ, ԹԷ՞ ՔՈՒ
Երբ նայիմ քեզի,
Տեսնեմ դէմքդ ժպտուն,
Գգուանքի կարօտ ու փխրուն,
Կը հոգեփոխուիմ,
Կը լիանամ
Ներաշխարհիդ խորքերուն։
Կ’ուզեմ սուզուիլ, լողալ, հրճու՜իլ
Կենդանանալ վերստին,
Տիեզերքը դիտել աչքերովդ անմեղ,
Նայուածքովդ բերկրոտ։
Հակառակի պէս, սակայն, կրկին կը մտնեմ
Հոգւոյս մռայլ խորքերուն,
Ուր պատկերները թանձր են,
Խոցող են ու կատաղի։
Հոն սգաւոր կիներ կ’ողբան գերեզմանատան մէջ,
Պարմանիներ կոյս, արցունքոտ աչքերով կսկծալի,
Իրենց բախտը կը նզովեն մատրան մէջ,
Ուր փշրուած երազնե՜ր կը ննջեն անշունչ։
Ու կը քալեմ տրտում, մոլոր, ու խոհուն,
Խնկաբոյր սպիտակ մշուշներուն ընդմէջէն,
Անոնց դառնահեծ վիշտերը տանելու ալեկոծ
Գիշերներու մտորումներուս,
Մշտաբորբ յաճախանքներուս։
Ու երբ կը փորձես դուրս բերել զիս
Թախծոտ իմ խոկումներէս
Պատերազմի ու մահուան տեսիլներէն,
Տանիլ հո՜ն կրկին, մեր աշխարհը երէկի, ուր
Գինին էր առատ, պատրանքը՝ անսանձ,
Ուր սէր, խինդ ու երազ կը պարէին գրկախառն
Գիշերային թափառումներուն մեր,
Աստղերն ալ սէր ու յոյս կը ներշնչէին միայն.
Օ՜հ, եթէ ժամանակի սլաքը ետ երթար քառորդ դար,
Ուր մայրերն այդ կը խնդրէին հաւատք, յոյս եւ սէր Իրենց նորածինին, կապոյտ երազներով տոգորուն,
Օ՜հ, այն ատեն գուցէ ես կարենայի դուրս գալ
Մռայլ իմ հոգեվիճակներէն ու գրկէի կեա՜նքի
Պահերը սիրուն, երազն ու սէր, միայն անո՜նք,
Որ մահէն, թախիծէն ու մաքառումէն անդին
Մեր աշխարհն էր բարի, հաշտ ու անմեղ,
Որ կը ցանկաս վերականգնել, յուշես թէկուզ,
Բայց ըսէ՜, սիրելի՛ս, կարելի է մի՞թէ։
2022