ԺԱՄԱՆԱԿԻ ՈԳԻՆ
Որքա՜ն ալ փոխուին ժամանակները
Ու մարդիկ դառնան դաժան, անտարբեր,
Կրկին պիտի գան տաք շողերը գարնան՝
Ջերմացնել մեր հոգիները ցուրտ.
Պիտի ծլին կրկին վարդերը բուրաւէտ,
Ոսկին պիտի շարունակէ մնալ քար թանկարժէք,
Բարիին երկրպագումը՝ յոյսի վերջին ապաւէն։
Որքա՜ն ալ խամրին երգերը մանուկին,
Մարդոց հոգիներէն պիտի թրթռան միշտ
Սիրերգներ, հոգին սնուցող աղօթքի մրմունջ,
Պիտի հնչեն սրտերէն սիրոյ մեղեդիներ,
Վերջին անձրեւները բերեն աւետիսը գարնան
Եւ անդորրը արշալոյսին,
Յուշեն աւարտը պատերազմի աղջամուղջին։
Որքա՜ն ալ փոխուին ժամանակները,
Մարդիկ դառնան ստրուկ, հրէշ թէ պոռնիկ,
Նիւթը դառնայ բռնակալը խղճին,
Չարը ըլլայ հզօր ու անպարտելի,
Պիտի ծագի կրկին արեւը յոյսին,
Ու ժայթքէ պիտի մարդոց հոգիներէն
Հաւատքը կեանքին,
Ընդդէմ մահուան ու խաւարին։
Հաւատացին ու քալեցին մարդիկ այդ ուղիներէն,
Հիմա մենք կ’որոնենք հետքերն այդ արահետին,
Որքա՜ն ալ փոխուին մարդիկ ու ժամանակները…
2017
ԿԱՄԱՐ, 28-2017, էջ 24: