ԺԱՄԱՆԱԿ

Ես անտարբեր չեմ մեր մեծ ցաւին,

Ես լո՜ւռ եմ,

Պարտուա՛ծ եմ, յուսալքուա՜ծ,

Համր յուշաքարին նման լերան լանջին,

Անայցելու, կանգնած եմ մինակ,

Վշտերս երկնքին պարզած.

 

Հոգիս՝ տապան մը ցաւի,

Կը բաբախէ, կը մղկտայ լո՜ւռ,

Խոցուած հայրենիքիս,

Փշրուած էութեանս,

Մեր թշուառ տեսակին ի տես։

 

Ինձ բացակայ չսեպէք։

Իմ տեսակը մունջ է ու ապշած՝

Մեր մեծ ողբերգութեան,

Ժամանակը պիտի ամոքէ վէրքեր շա՜տ,

Բայց հողին կորուստը սեփական

Պիտի չամոքէ երբեք՝ սի՜րտս ցաւատանջ։

Երեւի մահն է բալասանը իմ մորմոքին։

Ինձ դասալիք չդասէ՛ք։

 

2020