ԹՌՉԻՐ ԻՄ ՎԵՐԵՒ

Թռչիր իմ վերեւ

Զեփիւռի մը նման

Ու խշշացուր տերեւները ցամքած,

Հիմա, անդորրն է մահաբոյր

Լռութիւնն է քար,

Բախուիր ամպերուն, որոնք կը ճնշեն՝

Հոգիիս վրայ յոգնաբեկ,

Ու անձրեւաբեր ամպը եղիր իմ վերեւ։

Հո՜ն, երազն է հրապուրիչ ու առինքնող,

Հո՜ս, ամառն է կիզիչ մեր հոգիները մղկտացնող,

Եկո՜ւր լռիկ ու կատաղի,

Թափէ երկինքը կապոյտ՝

Հոգւոյս պաղ անձաւներուն,

Եկո՜ւր անձրեւին հետ իմ դաշտերը մութ

Ու վճիտ հրաշքիդ հետ տար զիս վե՜ր,

Երթանք երկնքի անծայրածիր անհունին,

Ու ըլլանք միշտ միասին,

Այս աշխարհի մոլուցքէն հեռու,

Քու կապոյտիդ հետ գիրկընդխառն,

Աստղերու նման երջանիկ ու պայծառ։

Եկո՜ւր, թռչիր իմ վերեւ զեփիւռի մը նման

Ու խշշացուր տերեւները չորցած։

2012

ԿԱՄԱՐ Պարբերաթերթ, թիւ 17, 2012, էջ 46: