ԸՍԻ ՉԷ՞, ՈՐ ԵՐԱՆԵԼԻ ԵՄ
Երանի մեր քայլերը երթային այլ ուղիներով
Ու տագնապի ժամանակներուն չհանդիպէինք իրար.
Երանի թէ ձմեռը երկար չմնար մեր երկնակամարին
Եւ հանդիպման պահին լուսինն ըլլար լուսաշող, պայծա՜ռ,
Աստղերն ալ՝ անհունօրէն սիրավառ ու պլպլան.
Բայց «երանի»ի աշխարհ չէ սա, սիրելի՜ս,
Առեղծուածներու խորհուրդն ալ պիտի չիմանանք երբէք.
Երանելին ե՞ս եմ, դո՞ւն ես, չեմ գիտեր՝ ո՞վ է,
Գիտեմ, որ մեր ուղիներու տարանջատման պահուն՝
Մէջս փլաւ աշխարհն այս անհեթեթ եւ ունայն.
Հորիզոնն ալ դարձաւ ուղղահայեաց խաչափայտ,
Ուր կը բարձրանամ յամրաքայլ ամէն օր քիչ մ᾿աւելի։
Բայց գիտե՞ս, սիրելի՜ս, բախտաւոր մըն եմ քեզմով,
Որովհետեւ շնորհեցիր ինծի ամենաթանկը կեանքին.
Այդ ալ՝ պատրա՜նքն է, քո՜ւ պատրանքդ,
Որ կապոյտ մանիշակին նման գրգանք կը հեղու մէջս,
Սէրը՝ որ մեզ պահեց, աճեցաւ օրէ օր քիչ մ᾿աւելի,
Ու համբոյրիդ աւիշով սնանեցաւ մեր բաժանումէն ետք։
Ըսի չէ՞, սիրելի՜ս, երանելի եմ ես հիմա,
Որ քեզ եմ ունեցեր ու միշտ ունիմ՝
Այս յարաշարժ անապատին մէջ համայնակուլ։
2013
ԿԱՄԱՐ Պարբերաթերթ, Թիւ 20-2013, էջ 45։