ԶՐՈՅՑ ՏԻՐՈՋ ՀԵՏ

Ո՞վ է տարրալուծելու մեր ապրած

հոգեկան բեկումների սարսափելի

ամբողջութիւնը…

Երուանդ Տէր Խաչատրեան

 

 

Ինչո՞ւ համոզեցիր, Տէ՜ր իմ,

Որ ճակատագիրը մեր

Մե՛նք պիտի կերտենք

Մեր երազներուն թռիչքով անհուն,

Հաւատացի՜նք, թէ հրաշքներ պիտի գործենք,

Երբ հրաշքի մականը քեզ էր տրուած ի վերուստ.

 

Ինչո՞ւ համոզեցիր մեզ,

Թէ տէ՜րն ենք մեր կամքին,

Կեանքի՛ն կարճատեւ,

Երբ սարդոստայնի անհամար ցանցերով խճճուած

Ու ամրակուռ շղթաներով ագուցուած,

Գերին ենք, զոհն ենք

Մեր էութեան դաջուած մեծ խաղի կանոնին,

Երբ մեղապարտին նման, հնազանդ՝

Կը քաշկռտուինք բանտախուցէ մը միւսին։

 

Ինչո՞ւ, Տէ՛ր իմ,

Յոյս ներշնչելու ծաղրն այս պատիր,

Երբ մահ ու աւեր, ողբ ու մորմոք թոյլ տուիր

Քու նմանին՝ մարդուն.

Օ՜հ, ինչ դա՜ռն կատակ։

Մի՞թէ ատոր համար մահը ստեղծեցիր,

Որ ցաւն անոր ըլլայ կարճատեւ,

Ինչպէս Քու Գողգոթան…

Ինչո՞ւ թոյլ տուիր վրէժը չարին ու ծաղրը հրէշին

Յաղթե՜ն աշխարհին ու մարդուն…

 

Ինչո՞ւ համոզեցիր, Տէ՜ր իմ,

Թէ փրկութիւնը մեր կախեալ է մեզմէ,

Երբ մենք տէ՜րը չենք ո՛չ մեր կամքին,

Ո՛չ մեր կեանքին,

Ո՛չ ալ մեր ճակատագրին։

Երբ մենք կը խորհինք սոսկ միւս արարածներէն

Իմաստուն  ըլլալ, միմիայն։

 

Օ՜հ, Տէ՜ր իմ,

Ինչո՞ւ ստեղծեցիր քաոսն այս անմեկնելի։


2019