ԵՒ ՀԻՄԱ
Տագնապն է կլանած միտքը հայուն
Ու խռոված սիրտը արիւնաքամ,
Ինչպէս տեղատուող ալիքները կը բերեն ափ
Բիւր կեղտերը ընդերքներուն։
Մարտ է, անհաւասար մարտ,
Ամէնուրեք, ծագէ ի ծագ.
Տան յարկի տակ, լոյսի տաճարներուն մէջ՝
Կը նահանջէ ոգին, կը մարի կրակը հայուն։
Լեռներէն ու արտերէն կը ծորի թանձր արիւն,
Կռիւ է անհամեմատ, կռիւ տեղատուութեան,
Տակաւ խամրող հաւաքական յիշողութեան,
Ժամանակին հետ շիջող հպարտութեան,
Ու գունաթափուող հայու տենչերուն։
Կռիւ է հիմա, համատարած, ամէնուրեք.
Ճահճացումն է կլանած հայու հոգին, տեղայնութիւնը
Կրծած՝ փայլքն ու հմայքը ցեղի արմատներուն։
Նահանջն է հայ մարդու, պատնէշները լքած,
Ղօղանջն է ողբաձայն, դասալիք մայրերուն,
Հեռացումն է մարտի դաշտերէն՝ նոր սերունդներուն,
Օտարումը՝ մայր ակունքներէն։
Կ᾿երթան հեռու խռոված ամբոխները հայու,
Ոʹչ Տէր Զօրի անապատներէն կիզիչ ու արիւնախանձ,
Այլ աւաններէն հայահոծ՝ ոստաններ օտար,
Ուր ճակատագիրն ի յառաջագունէ վճռուած է,
Ուր պայքարի դաշտերը անհաւասար են.
Կ᾿երթան Արեւելքի այլամերժ քաղաքներէն,
Խուճապահար, գաղթականի հոգիով, վրդոված,
Աղօտ արեւը գրկած իրենց բազուկներով,
Կ᾿երթան փրկութեան վերջին լաստին կառչած,
Լքուած ու անտէր կարաւանները հայու,
Ատելութիւնն ու ժխտումը դարձուցած կիրք,
Կ᾿երթան նոր տարագրութեան ճանապարհով:
Երբ Երկիրն է ազա՜տ, երազա՜նքն է մարմին հագած,
Սին ազատութեան, խաբուսիկ պատրանքներու
Տագնապն է կլանած հայու հոգին
Ու խռոված՝ սիրտը արիւնաքամ.
Տարանջատման աղէտալի յորձանուտին մէջ
Ամէն ոք կ᾿որոնէ փրկութիւնը իր եսին՝
Աթոռին ու փառքին կառչած,
Փոխան հաւաքական փրկութեան։
Յո՞ երթաս, հայ մարդ, դար մը պայքար կոխոտած,
Ո՞ր տարաբախտ ճակատագրի քմայքներուն յանձնեցիր
Հոգիդ, ո՞ր դահիճին կը յանձնես գլուխդ կքած։
Տխո´ւր, տարտամ ու մո՜ւթ է ներկան հայուն.
Թուխ ամպերն են պատած ապագան հայուն:
Բայց դուն պիտի չմեռնիս, ինչքան դառն
Ու տարօրէն դաժան ըլլան ուղիներդ աշխարհատարած,
Որքան ալ տժգունած ըլլայ պայքարդ անհաւասար,
Դուն պիտի գտնես մէջդ ափ մը կամք հրաշագործ,
Որ փիւնիկին նման յառնես գորշ մոխիրներէն,
Ու նոր օրերու մթագնող երկնակամարին տակ
Գտնես քու իրա´ւ ճամբան, մարտի կամք ու վճիռ՝
Կերտելու յաղթանակներ նոր ու սխրանքներ,
Կոփելու Նոր Հայու Ոգին,
Թօթափած բոլոր ախտերը. հին թէ նոր,
Վէրքերն ու խոցերը երէկի պարտութիւններուն,
Նո՜ր արեւածագի հաւատքով՝ պայծառ ու անսասան։
Կը հաւատանք դեռ գալի՜ք հրաշքին...
2017
ԿԱՄԱՐ Պարբերաթերթ, Թիւ 27-2017 էջ 19-21: