ԵՐՆԷ՜Կ
Երնէ՜կ այն օրերուն,
Երբ «Քուն եղիր, բալաս» երգին դիւթանքը
Մեզ կ’օրօրէր քնաբեր հեշտանքներով...
Մանուկ էինք ու երջանիկ,
Անհոգ էինք ու երանելի՜։
Հիմա մեզ կ’օրօրեն, ճօճանակի մը նման,
Թառող ուրուրները մեր բախտին,
Հողմերն ու սիւքերը տարուբեր
Մեր ճակատագրին։
Նոյն օրօրն է, անխռով տաղը նոյն,
Հետեւանքը՝ նոյն,
երանգներով տարաբնույթ։
Բայց մենք նոյնը չենք,
Ո՛չ ալ նոյն մանուկն ենք երէկի.
Քուն կը մտնենք
Գալիքին տագնապներով խռովուն։
Երնէ՜կ այն օրերուն,
Երբ աշխարհն ու մենք մանուկներ էինք՝
քնաբեր երգերով օրօրուն։
Աւա՜ղ, օրերուն այս ալեխռով ու դաժան,
Մեր երգերը հոգետանջ մեղեդիներ են,
Սաղմոս ու եղերերգ՝
Խառն յոյզերով յորդուն։
2019