ԵՐԿՐՈՐԴ ՓՈՐՁ

Կարօտ մը հին կը բորբոքի մէջս այս գիշեր,

Կարօտ, որ լոկ համակրանք էր,

Ցանկութիւն էր, բայց եղաւ վճիտ

Ու ազնիւ բարեկամութիւն պարզապէս:

Նամակն անոր, երկար յամեցումէ ետք,

Կը հրահրէ կայծը վաղեմի մտերմութեան,

Կը յուշէ իր հրապոյրը անարատ,

Իր քաղցրութիւնը անսեթեւեթ

Ու իր միստիկ արտաքինը թափանցիկ

ու հմայող վսեմութիւնը,

Որ կը պարտադրէր ազնուական խորք՝

Ամէն անգամ, որ, անյաջող,

կը փորձէր անունս հնչել...

Ովկիաններ կան մեր միջեւ հիմա.

Ահաւոր ովկիան է էութիւնս նաեւ,

Որ կը լսէ մարգարէանման կանչ մը,

հրաւէր մը հին, քաղցրահնչիւն,

Կը փորձէ լեցնել անորմով իր տանջուած հոգին,

Իւրացնել կարօտն անոր վերազարթնած

Ու փայփայել նոր գրգանք ու երազներ,

Հանդիպելու կրկին, փորձ մը երկրորդ,

Գուցէ յաջողի այս անգամ...

1989