ԵՐԷԿ ԵՒ ԱՅՍՕՐ

Երէկ հեշտ էր

Պատրանքներուս տալ իմաստ եւ պատճառ,

Թափ տալ անոնց,

Մղել զանոնք առաջին գիծ,-

Կարծէք ըլլային խաղ տղայական։


Երէկ՝ աշխարհը մանուկ էր,

Կաթնահամբոյրը կը զգլխէր ռունգերը մեր,

Վառ գոյները կը գծէին հորիզոնը անծայրածիր։


Այդ երէկ էր:


Իսկ հիմա մոլորակը բեռ մըն է լեռնագագաթ

Մեր ուսերուն կքած, ինչպէս շոգին ճնշեփին։

Հիմա, հարցերը պարզ չեն,

Ոչ ալ պատասխանները՝ հեշտ ու համոզիչ։

Հիմա անհեթեթն է տիրող բոյրը մեր շրջապատի,

Հիմա, պատասխանները հարցերուն

Շատ են խրթին ու բարդ.

Հիմա

Իրականութիւնն է պատրանաթափ,

Մենք ենք, ու խեղճութիւնը մեր՝ բացարձակ.

Երէկ հեշտ էր նայիլ մարդոց դէմքին զուարթ,

Հիմա դէմքերը անճիտուած են ու ժպտաթափ։


Հիմա, ժպիտները թա՜նկ են շատ...

2013

ԿԱՄԱՐ Պարբերաթերթ, Թիւ-20, 2013, էջ 47։