ԵՐԵՒՈՅԹՆԵՐԷՆ ԱՆԴԻՆ

Կը թաւալի երկիրը,

Միլիոնաւոր տարիներէ ի վեր,

Իր շրջապտոյտին մէջ մոլագար,

Խելապտոյտ պարին մէջ մաշեցնող,

 

Կը բանի ելեկտրածին մեքենան,

Ու լոյսին տուչութեան մէջ խաբուսիկ

Կը մոռնանք աւետաբեր լոյսը,

Որ հեռու է, անհասանելի մեզի,

Ձանձրոյթը ծածկող խաբուսիկ

Պաշտամունքին գինովութեամբ։

 

Երեւոյթներն են շլացնող ու շլմորիկ

Մեզ երջանկութիւն պարգեւող,

Ճշմարտութեան մը խաբկանքը մատուցող։

Ու կը մոռնանք որ սուտին զոհն ենք,

Գուցէ եւ կը հաւատանք,

Երբ իրաւը, ինչպէս արեւը,- հեռո՜ւ է մեզմէ

Ու մենք՝ հեռու անորմէ։

Բայց կերկրպագենք

Երէկի կուռքերը հզօր,

Նորի քօղին ու դիմակին ետին պահուըտած։

 

Մինչ

Կը թաւալի երկիրը արեւուն շուրջ,

Երբ արեւը անհասանելի է մեզի։

Անոր համար կը հաւատանք աւետաբեր լոյսին՝

Մեզ մխիթարութիւն պարգեւող։

 

Իսկ արեւը հոն է, ո՛չ շատ հեռու։


2022