ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ՁՄԵՌ
Կ’իջնէ յուշիկ ու մունջ.
Կը թափէ բեռն իր՝
Փաթիլներ անտրտունջ ամանորի շեմին,
Փոքրերուն համար պարգեւ ու հրճուանք,
Մեծերուն՝ տագնապի տոպրակ լեցուն։
Երեւան քաղաքի ձմեռ պապիկն է,
հագած կարմիր պատմուճան,
Կը բերէ երկնային սրբութիւն անապական
Ու վաղուան խոստո՞ւմ, գուցէ։
Բայց կարծէք դատարկած է,
Խոստումներով լեցուն տոպրակն իր,
հիւսիսային կողմն աշխարհի։
Հոս հրաշքներ չկա՜ն, չկան նշոյլներ հրաշքի,
Քաղաքը ինկած է շղարշի մը տակ թանձր քունի,
Թախծոտ գիշերի մը տարամերժ տեսքով,
Արդեօք օրհա՞ս մըն է երկա՜ր,
թէ՞ թանձր քունն է վհատութեան.
Բայց կեանքը կայ,
կան եւ նայիրեան աղջիկները հեզաճկուն,
Լի եռանդ, յոյս ու խնդութիւն։
Ա՜յ ձմեռ պապիկ, ինչո՞ւ տոպրակներով չգաս
մեղր ու կաթի,
Սէր ու միութիւն, երաշխիք չբաշխես ամէնուր,
Ինչո՞ւ մեր այրերուն չտաս նուիրում,
Անկեղծութիւն ու համեստութիւն,
Երեւան քաղաքի ձմեռ պապիկն է, կու գայ լո՜ւռ,
Անտրտունջ, հոգերով ծանրաբեռն։
Երանի՜ թէ գար ցասումի կիրքով մը ցայտուն,
Փրկութեան հրաշքի ճիպոտներով՝ շողշողուն,
Պանդուխտները տուն դառնային բիւր-բիւր
Ու հայրենի երկրին բերէր խաղաղութիւն...
Այ ձմեռ պապիկ, եկո՜ւր աղմկահարոյց,
Դուրս հանէ սա քաղաքը իր թմբիրէն տխուր,
Թող նայիրեան աղջիկները երգեն,
Պարեն՝ մինչեւ կիզող արեւը իջնէ վար,
Երեխաներն ալ ապրին միշտ կենսուրախ ու ժպտուն։
Այ ձմեռ պապիկ, եկուր յոյսի պարկերով լեցուն։
Երեւան, 2013