ԵՐԳ ԳԱՐՆԱՆԱՅԻՆ ՏԱՐԵՐՔԻ
I Բացէ´ք Դռները
Բացէ´ք դռները երբ քամիները թակեն։ Գարնան անդոհանքի ու կարօտի բոյրը կը ծուարի ռունգերէն ու պատրանքի դղեակներէն ներս։ Բացէ´ք դռները. խնդրեցէ´ք անցորդէն, որ ներս գայ։ Գուցէ այլ առիթներ չըլլան, գուցէ եւ չտեսնէք ծիածանի զգլխիչ երփներանգը։ Օ՜հ, կը սուլեն քամիները մայրիներու հովիտներէն ու անձաւներէն։ Գարունն է. կը թակէ դռները, կը ներշնչէ սիրակէզները, կը փարատէ տխուր մտքերը։ Բացէ´ք դռները, քանի դեռ ուշ չէ։
II Երաշտ
Երաշտ է. անձրեւը սակաւ. ծարաւ են դաշտերն ու լեռները։ Աղօթք ու մաղթանք առ Բարձրեալն՝ խնայելու մարդկութիւնը գալիք տագնապներէն։ Բնութիւնն է՝ տարօրինակ, իր խաղերով ու հրապոյրներով. եւ նախնադարեան խեղճութիւնը մարդուն՝ ընդդէմ արարչութեան։ Ուրեմն, պաշտեցէ´ք ձեր աստուածներն ու կուռքերը, անոնք հոն են՝ ձեր մտքերուն եւ հոգիներուն մէջ։ Անոնք անմեռ են, ձեր մեղքին ու ձանձրոյթին, վախին ու տագնապին չափով։ Դեռ շա՜տ են հզօր ձեր կամքերուն տիրող այդ խորհրդաւոր ուժերը, որոնք կը ջլատեն ձեզ ձեր գիշերներուն մէջ մոլագար ու մղձաւանջներուն թափով յեղակարծ։ Բացէ´ք ձեր դռները նաեւ անոնց. ընդունեցէ´ք զանոնք երաշտով տոչորող ձեր հոգիներուն մէջ։
III Յարաշարժ ժխոր
Ժխորին յարաշարժ հարուածներուն դիմաց, մտքերը՝ գերեվար, յանձնուած են շրջապատի լլկող քմայքին ու քոսոտ շուներուն նման կը տատանին անոր թելադրանքին կշռոյթով։ Բացէ´ք լուսամուտները՝ ժխորի գերագոյն ճիգին, որ ամլացնող հաշիշին ու պտղաբոյր կլկլակին նման, կը թմրեցնէ կիրք ու կամք։ Ատիկա դուք էք, իմ խե՜ղճ բարեկամներ, գերին՝ զօրաւորին կամքին ու թելադրանքին։ Թոյլ տուէք, որ ձեր խիղճն ու հոգին ստրկանան անոնց ամլացնող գլանին տակ, թոյլ տուէք որ սրսկեն ձեր թանձր արիւնին մէջ իրենց մեղկացնող շիճուկը։ Դարե՜ր ամբողջ դուք նոյն մարդն էք ողորմելի, ու անոնք՝ նոյն ծիրանազարդ բռնակալները անողոք։ Անոնք ժխորի ու քանդումի, մահուան ու կործանումի կայսրերն են. կ᾿իշխեն իրենց վերջնագրերով ու հրովարտակներով։ Կը տիրեն իրենց խաբէութեամբ ու դաւերով։ Բուժեցէ´ք ձեր վէրքերը եւ ընդունեցէ´ք ձեզի հրամցուածը համրօրէն։ Բացէ´ք ձեր դռները քանի անզօր էք տակաւին։ Անոնք դեռ զոհեր ունին մատուցելիք։
IV Դժուարին ճանապարհը
Գիտեմ՝ հեշտ չէ սպասումը։ Դժուար ու անհաս է այս ճանապարհը։ Անյոյս է ու մոլորեցնող ձեր պայքարը։ Բայց այդ ե՞րբ էր, որ գարնան դաշտերը մնացեր են անփոփոխ ու հրաշագեղ։ Եդեմի դռները բաց են միշտ իրենց պահակին համար միայն։ Իսկ դուք, ձեր ջղագար ու գինով գիշերներուն մէջ, սիրեցիք մարդկային ձեր մոլուցքին յագեցումը՝ իր բոլոր ախտերով ու արբեցնող բոյրերով։ Սիրեցիք կեանքը, բայց շփոթեցիք զայն ձեր դղեակներու մեղկ զեխութեան, այլատեացութեան ու անհանդորժողութեան հետ ու մասամբ նորին։ Երբ մարդիկ բախեցին ձեր դարպասները, դուք փակեցիք ձեր ականջները, թողուցիք, որ ժխորը խեղդէ անոնց ճիչը, եւ դուք ինկաք ձեր գարնանային քունին մէջ հեշտօրօր։ Անոնց ողբն ու կանչը մարեցիք ձեր դաւերով ու երբեմն անոնց առջեւ թափած ձեր լումաներով ու փողով, զորս դիզեցիք անոնց արտասուքով։ Անոնց համար մահն է բախտաւոր ու ցանկալի. ձեզի համար մահը՝ անբաղձալի աւարտ։
V Անհուն ծովը
Ծովուն անհուն խորհուրդներուն եւ քմահաճոյքին դիմաց անզօր են ձեր փորձերը, գիւտերն ու թիւերը։ Կը փորձէք ընկճել անոր տարերքը, կը ձգտիք տիրապետել անոր քմայքին, բայց անզօր էք, հաւատացէ´ք։ Դուք կրնաք ընկճել մա´րդը միայն, կենդանիներն ու բոլոր տեսակի համեստ արարածները։ Բայց ծովուն ահեղաձայն ալիքները պիտի կործանեն ձեր փայտաշէն դիւրաթեք նաւերը, զորս շինեցիք ձեր վախով ու ձեր գոռոզ պատրանքներով։ Ահա աղաղակող նմոյշը ձեր խայտառակութեան։ Ձեր նաւերը պիտի բախին ափի խարակներուն, որոնք ընդմիշտ պատրաստ են վկայելու ձեր պարտութիւնն անողոք։ Ձեր լապտերները պիտի չվանեն աղջամուղջի թանձր ու խոնաւ մշուշները։ Օ´ն, ուրեմն, բարեկամներ, յագեցուցէ´ք ձեր կիրքերը խաղաղ ալեակներու հեշտանքով ու ձեր վիշտերուն կարասները լեցուցէ´ք արեւաքամ որթատունկերուն հեղուկով։ Երբ հասնի փորձութեան ժամը, պիտի ճաշակէք դառն ու լեղին ու յայնժամ պիտի ոգեկոչէք ձեր աստուածները անխօս։ Կործանումը կը սպասէ դարանակալ ձեր վախի դարպասներուն առջեւ։ Բացէ´ք դռները։
VI Թախծոտ հոգիները
Կը լսեմ թախծոտ ղօղանջը՝ ձեր հոգիներէն ներս սողացող։ Ձեր վախերուն ու ցաւերուն, ձեր ճնշուած կիրքերուն ու ամլացած կամքի ղօղանջն է տրտում, որ կ᾿արձագանգէ հովիտներէն ու խանձած հողին ընդերքներէն։ Ահա այդ ղօղանջը, որպէս գերագոյն ճիգ, կ᾿արձագանգէ ձեր գերմարդկային ըղձանքներու եղէգներուն մէջէն ու կը վերածուի քամիի սուլոցի մը, որ պիտի խլացնէ ձեր թմբուկներն ու բթացած հոգիները։ Յիշեցէ´ք ժխորին մղձաւանջը եւ մի´ տարակուսիք գալիքին համար։ Ատիկա, երէկէն եկող քամիներու ձայնն է. պիտի զգետնէ բոլոր դղեակները, նաւերն ու ողբերը։
VII Արեւածագ
Կը տեսնեմ առաւօտեան նորափթիթ շողերը, որոնք լեռներու եւ հովիտներու ցուրտ մարգագետիններուն վրայ կը տարածեն իրենց քնքոյշ փէշերը ու կը պարուրեն հէք քաղաքը իր անսեթեւեթ հրապոյրով։ Կը տեսնեմ ձեզ՝ նոյն անտարբերութեամբ կը քալէք գարնանային քամիներուն դիմաց՝ վաղուան ընդառաջ։ Ո՜վ մանուկներ գալիքի, բացէ´ք դռները ձեր թախծոտ հոգիներուն ու նայեցէ´ք աշխարհին՝ ձեր ըղձանքներուն վեհութեամբ ու երազներուն ջերմութեամբ։ Կը տեսնեմ բոցը, որ կ᾿առկայծի դեռ ձեր հոգիներուն մէջ։ Բացէ´ք դռները ձեր հոգիին, որ դուրս գայ ան։
2014
ԲԱԳԻՆ, ԱՊՐԻԼ-ՄԱՅԻՍ-ՅՈՒՆԻՍ 2014, ԾԳ. Տարի, Թիւ 2, էջ 18-20։