“ԵՐԲ ՉԻ ՄՆՈՒՄ ԵԼՔ ՈՒ ՃԱՐ”

 

“Երբ չի մնում ելք ու ճար,

Խենթերն են գտնում հնար”

Մեծն բանաստեղծ Պարոյր Սեւակի այս տողերը կը խտացնեն մեր ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան ընդմէջէն՝ ջարդի, ցեղասպանութեան, ստրկութեան ու արհաւիրքներու ճակատագրական պահերու մեր ժողովուրդի հայկեան ոգին դրսեւորելու եւ ազատութեան ու ինքնիշխանութեան տիրանալու ազատագրական պայքարի ոգիին ամբողջական տեսլականն ու հզօր կամքը:

“Այսպէս ծագեց, արեգակեց

Սարդարապատի մարտը մեծ”

Ու ցեղասպանութենէն հազիւ 3 տարիներ ետք, հայ ժողովուրդի մարտնչող ոգին կրկին կը սլանայ վեր փիւնիկի մը նման, ու Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի ու Ղարաքիլիսայի ճակատներուն վրայ համաժողովրդական պայքարի ու դիմադրութեան ոգին դէմ կը դնէ ցեղասպան թուրքի արշաւող բանակին, սխրանքներ կերտելով այդ մարտերուն ընթացքին եւ ստիպելու թշնամին՝ նահանջել ու ընդունիլ հայութեան իր հողին վրայ ապրելու եւ գոյատեւելու պապենական իրաւունքը:

600 տարուան ստրկութենէ ետք, 1.5 միլիոն հայերու ջարդով ու գաղթական բեկորներուն իր հողերէն արմատախլումէն ետք, երբ թշնամին կը պատրաստուէր իրագործելու փանթուրանական ծրագրի իր վերջին հանգրուանը, այսինքն Արեւելեան Հայաստանի ամբողջական գրաւումն ու Սիւնիքի, Ղարաբաղի ու Երեւան գաւառի արշաւանքով միանգամընդմիշտ լուծելու հայկական հարցը, Արամ Մանուկեանի, Զօրավարներ Նազարբէկեանի, Սիլիկեանի, Փիրումեանի ու անոնց գործակիցներուն վճռական աքթը՝ մերժելու ամբողջական անէացումը հայ ժողովուրդին, ու հակառակ անհամար դժուարութիւններուն, կը յաջողի պահպանել հայ ժողովուրդի մնացորդացը եւ ստեղծելու անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը:

Մեր պատմութիւնը ունի բազմաթիւ զուգահեռներ եւ Մայիսեան սխրանքը առաջինը չէր: 5-րդ դարուն, Հայ ժողովուրդը կանգնած էր նոյն ճակատագրական “լինել թէ չլինել”ու մեծ հարցականին դիմաց, երբ Զրադաշտական Պարսկաստանը հայ ժողովուրդի դէմ գոյութենական իր սուրը կը ճօճէր եւ ընտրանքի դիմաց կը դնէր մեզ. “լինել թէ չլինել”ու ընտրանքին դիմաց: Եւ ահա, ճակատագրական այդ պահուն, հրապարակ կու գային Վարդան Մամիկոնեանն ու Ղեւոնդ Երէցը, իրենց զօրակիցներով, որոնք, մերժելով պարսիկին լուծն ու դաւանանքը, մարտի դաշտ կ’իջնեն, զինուած հաւատքի ու պայքարի սուրերով, հուսկ Վահան Մամիկոնեանի 30-տարիներու փարթիզանական կռիւներէն ետք, Յազկերտ Բ.ին կը ստիպեն ճանչնալ ինքնիշխան եւ անկախ Հայաստանի գոյութիւնը: Եկեղեցի եւ բանակ-պետութիւն այս գործակցութիւնը մեր ժողովուրդին կը բերէր յարատեւելու եւ յաղթելու իրողութիւնը, ինչպէս որ, 1918-ի Մայիս 28-ին, Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի ճակատներուն վրայ Արամ Մանուկեանն ու զօրավարներ Սիլիկեանն ու Նազարբեկեանը, Գարեգին Եպս. Յովսէփեանի հետ, ժողովուրդին գլուխն անցած պիտի կերտէին հայ ժողովուրդին վերապրելու կամքի յաղթանակը:

28 Մայիս 1918-ի խորհուրդը, սիրելիներ, հայ ժողովուրդի յարութեան վկայութիւնն է ընդդէմ ցեղասպանութեան ու անէացման, ընդդէմ թուրքի ոխերիմ եւ սատանայական ծրագրին՝ բնաջնջելու հայ ազգը։ 28 Մայիս 1918-ն, հայ ժողովուրդի պետականութեան երազի իրագործումն էր: Հայուն ապրելու, “լինելու” վճռակամութիւնն էր, միասնական ճիգերով ու համաժողովրդային ըմբոստութեամբ ո՛չ ըսելու մեզ պատմութեան թանգարանը նետելու թուրքին երազանքէն ու ծրագիրէն: Ու հայուն արեւը ճառագայթեց Սարդարապատէն ու Սարդարապատեան ղօղանջները լուսավառ նոր էջ մը բացին մեր պատմութեան մէջ: Հայը թօթափեց ստրկութեան կապանքները, հայը հաւատաց իր բազուկի յաղթանակին, հայը վերատիրացաւ իր ազգային արժանապատուութեան, որպէս անկախ երկիր ու ուրոյն ժողովուրդ համամարդկային պատմութեան մէջ իր տեղը կրկին գրաւելու եւ ապրելու իրաւունքը: Անհուն զոհողութիւններով ու կորուստներով հայութեան դիմաց կը բացուէր իր ճակատագիրը իր ձեռքով տնօրինելու առիթը:  Նոյն ոգին, նոյն կամքը Գարեգին Նժդեհի գլխաւորութեամբ պիտի տապալէր Սիւնիքը Հայաստանէն անջատելու պոլշեւիկ-թրքական ծրագիրը եւ լեռնահայաստանի ու Սիւնիքի հայկականութիւնը ամրագրէր:

1988-ին, Ղարաբաղեան Շարժումը ազդանշանն էր մեր պատմական Արցախի Հայաստանի միացման եւ Հայաստանը պոլշեւիկեան լուծէն ազատելու հայ ժողովուրդի նորագոյն երազանքին ու տեսլականին, ու հակառակ Ատրպէյճանի կազմակերպած Պաքուի, Սումկայիթի, Կիրովապատի ջարդերուն ու անոնց յաջորդած 300,000 հայերու գաղթին դէպի Հայաստան ու ռուսական քաղաքներ, Ղարաբաղեան առաջին պատերազմին մեր ժողովուրդին հերոսական մարտնչումին շնորհիւ ծնունդ առաւ Արցախի Հանրապետութիւնը եւ երաշխաւորուեցաւ ու ամրագրուեցաւ Արցախի բնիկ ժողովուրդին իր հողին վրայ ապրելու բացարձակ իրաւունքը: Զոյգ հանրապետութիւններ ու 44,000 քառակուսի քիլոմեթրով Հայաստան աշխարհ մը, որ միացեալ Հայաստանի երազանքին հիմը պիտի կազմէր: Դժբաղդաբար սակայն, մեծապետական շահերը, “բարեկամ” նկատուող երկիրներու մեղսակցութիւնը ծունկի բերելու հայ ժողովուրդը, միացած Թուրքիոյ լպրծուն, խորամանկ եւ արթուն դիւանագիտութեան, կրկին պիտի տապալէին Արցախի անկախ ապրելու երազանքը եւ հարցականի տակ դնէին միջազգային օրէնքով ամրագրուած ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի անժամանցելիութիւնը եւ մարդկային իրաւանց նորմերը եւ նոյն մեծապետական շահերէն թելադրուած հարցականի տակ դնէին Արցախի անկախութիւնը, եւ ինչպէս անցեալին, այսօր եւս, ներքին թշնամիին ու անմիաբանութեան մեր դարաւոր ախտին պատճառով, կրկին պիտի կանգնինք մեր պետականութիւնը եւ Հայաստան աշխարհի վերջին մասնիկը կորսնցնելու վտանգին առջեւ։

Այո, սիրելիներ, ճակատագրական օրեր կ’ապրի հայութիւնը: Մեր պետականութիւնն ու անկախ գոյութիւնը կորսնցնելու վտանգը երբեք այսքան իրական չէր եղած, ինչքան է այսօր: Պիտի ընդունի՞նք անէացումը, թէ պիտի ծառանանք կրկին, ոտքի կանգնինք ու ըսենք բանաստեղծին իսկ բառերով՝

“Բայց մենք չընկանք,

Մենք միշտ կանք,

Մենք չհանգանք, դեռ կգանք,

Երբ տայ զանգը, ահազանգը,

Որ մեր հոգու պարտքը տանք”

Հիմա է այդ պահը, ահազանգը: Զանգերը կը ղօղանջեն ու թշնամին կը փորձէ մերթ պատերազմով եւ մերթ դիւանագիտութեամբ ու սպառնալիքի քաղաքականութեամբ մեզ վերացնել: Իսկ մենք կ’անգիտանանք, որ Արցախի կորուստը Հայաստանի կորուստն է, Արցախն ու Սիւնիքը կորսնցնելը Հայաստան կորսնցնել կը նշանակէ: Արդեօ՞ք պիտի հրապարակ գան նոր Արամ Մանուկեաններ ու Վարդան Մամիկոնեաններ, Ղեւոնդ Երէցներ եւ Գարեգին եպս. Յովսէփեաններ ու ոտքի հանեն մեր ժողովուրդը այս թմբիրէն ու մահաքունէն, պարտուողական ու շուարած այս իրավիճակէն, բղիկ-բզիկ եղած մեր ներկայ հոգեբանութենէն եւ զիջողական ու յանձնուողական իրավիճակէն եւ վերականգնեն մայիս 28ի ոգին ու Սարդարապատի ղօղանջները կրկին հնչեցնեն, նոր յաղթանակի լուսաբացին առաջնորդեն մեր ժողովուրդը։

“Զանգեր ղօղանջէք,

Սրբազան քաջերին կանչէք

Սա արդար մարտին:

Սերունդներ դուք ձեզ ճանաչէք

Սարդարապատից”

Պատմութիւնը մեզի ցոյց կու տայ թէ մեր յաղթանակներու գրաւականը՝ մեր մարտնչող ոգին է, պայքարի կամքը, մեր հաւատքը մեր ազգի գոյութեան ու յարատեւութեան, մեր նահատակներու կտակն է եղած պայքարը շարունակելու, իսկ մեր պարտութիւններու պատճառը՝ պայքարի ու ոգիի շիջումն է, մեր հատուածական մտածողութիւնը, մեր անմիաբանութիւնը, անտարբերութիւնը, մեր այլասիրութիւնը ու եսի տիրապետութիւնը, պետական մտածողութիւն եւ պետութիւն կերտելու տեսլականի չգոյութիւնը: Պիտի յաղթահարե՞նք հաւաքաբար այդ մարտահրաւէրները եւ միասնական տեսլական ու օրակարգ ճշդենք դուրս գալու այս մղձաւանջէն, պարտուողական այս ոգիէն որ կը տիրէ մեր հոգիներուն մէջ, ու փոխանակ հրաշքներ սպասելու օտարէն կամ կարծեցեալ բարեկամներէն, տէր կանգնինք մեր ճակատագրին եւ մերժենք խաբուսիկ խաղաղութեան պայմանագիրներն ու խոստումները: Թշնամիին խոստացած խաղաղութիւնը պատրանք է միայն, պատմութենէն դասեր չքաղելը կրկնակի յիմարութիւն: Ուժն է միայն խաղաղութեան գրաւականը, իսկ Հայրենիքի ամէն մէկ թիզը՝ սրբազան կտակն է մեր նահատակներուն:

Ու ամէն ժամանակէ աւելի, այսօ՛ր, “Ամբողջական Հայաստան- ամբողջական հայութիւն” գաղափարախօսութիւնը պէտք է դառնայ հիմքը մեր համահայկական պայքարին:  Ողջունելի է Արցախի քաղաքական բոլոր խմբակցութիւններուն եւ Արցախի Ազգային Ժողովի որոշումը, որ կը մերժէ ՀՀ այսօրուան իշխանութեան յայտարարութիւնը` Ատրպէյճանի սահմաններու թուանշաններով ճանաչման հարցին: Նման յայտարարութիւն մը կասկածի տակ կը դնէ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքն ու ինքնիշխանութիւնը: Մաղթենք որ այդ յայտարարութիւնները չեն վերածուիր պայմանագիրներու:

Ամէն ժամանակէ աւելի, այսօ՛ր, Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը գրաւականն է մեր յաղթութեան: Միասնաբար կրնանք հրաշքներ գործել, անջատաբար, պիտի կորսնցնենք ամէն բան:

Ուրեմն ոտքի, հայ ժողովուրդ. Սադարապատը կը կանչէ մեզ այսօր, Ստեփանակերտը կը կանչէ մեզ այսօր, Շուշին ու Սիւնիքը կը կանչեն մեզ այսօր, մեր նահատակները կը կանչեն մեզ այսօր, մէկուկէս միլիոն սրբադասուած մեր նահատակ ժողովուրդը կը կանչէ մեզ այսօր:

Եկէ՛ք, անգամ մը եւս ուխտենք, որ մեր նահատակներուն արիւնով շաղախուած հողին տէրն ենք: Ուխտենք, որ Մայիսեան փառապանծ սխրանքին հաւատացողն ենք տակաւին, ու հաւատանք, անպայմա՛ն հաւատանք, որ հայ ազգը պիտի ապրի, պիտի գոյատեւէ եւ այս մութ ամպերը պիտի վերանան հայաստանի ու Արցախի երկնակամարէն ընդմիշտ:

Ժամն է զգաստութեան: Ժամն է գործի:

 

Խաչիկ Տէտէեան

Թորոնթօ, 4 Յունիս 2023