ԵՐԲ ՀԱՄՐ Է ԵՐԿԻՆՔ
Երբ բոլոր ճամբաները կը տանին փակուղի,
Ուր շնչելն անգամ դարձած է տագնապ անբարբառ,
Կը շիջին փողոցին լոյսերը հերթաբար,
Ու մենք ալ՝ շուար՝ կը նայինք անհունին...
- Ո՞ւր էք աստղեր, հրեշտակներ երկնքի,
Անկարեկիր ու շլմորած... Լռութիւնը ձեր դաժան
Կը խեղդէ մեզ, ու շնչելն անգամ
Դարձած է տագնապ անբարբառ,
Մղձաւանջ, մեր օրերուն այս դժխեմ ու ցնորած.
Երբ բոլոր կամուրջները քանդուած են արդէն,
Ու մարդս, ինկած ճահիճին մէջ, որ կոչուի աշխարհ.
Ո՞ւր կ’երթան իր քայլերը, այսպէս կթոտ ու մոլոր։
Լո՜ւռ են աստղերը, համր է լուսինը շուար,
Կը լռեն բոլոր հրեշտակները աներեւոյթ,
Երկինքն անգամ դարձած է մարդուն ցաւին անտարբեր,
Ու աշխարհն այս՝ նետուած իր հրկիզուող բախտին։
– Ո՞ւր էք, աստղեր, հրեշտակներ երկնքի...
2022