ԵՐԲ ԿԸ ՆԱՅԻՄ ՔԵԶԻ
Երբ կը նայիմ քեզի
Ամէն իրիկուն,
Շրջապատուած բիւրաւոր աստղերով շողշողուն,
Հրճուանք կը զգամ, որ մինակ չե՜ս դուն։
Երբ կը նայիմ քեզի ամէն իրիկուն
Պար բռնած տրտում,
Գիտեմ, որ մինա՜կ չես,
Քանզի մենութիւնը հոգելլկող է թէեւ,
Բայց երջանի՜կ ես,
Աշխարհ մը կը թաւալի քու շուրջ։
Ամէն գիշեր,
Մարդիկ անթիւ կը նային քեզի
Որպէս յոյսի, լոյսի ու վաղուան ապաւէն,
Որպէս ընկեր ու բախտակից,
Մշտավառ յոյս երկնային։
Սա անհունութեան մէջ, ուր վախն է տիրական,
Ուր ե՛ս, դո՛ւն եւ ա՛ն,
Մանր հիւլէներ ենք աննշան,
Զոր ժամանակի ոսպնեակն անգամ
Գիտէ անտեսել տարրալուծարանին մէջ։
Իրողութիւնն այս բացայայտ, գիտենք,
Կ’ուզենք մոռնալ, անտեսել, չգիտնալ,
Բայց մեր էութեան մէջ խո՜ր ու ամայի
Կը կառչինք ուրուականի մը նման անտես,
Մենք մեզ հասկնալու,
Ճանչնալու...։
Ես գիտեմ, որ ամէն իրիկուն
Դուն կը ժպտիս ինծի մինչեւ արշալոյս։
2016