ԵՐԲ ԿԸ ՅԻՇԵՄ ՔԵԶ
Երբ կը յիշեմ քեզ
Ու ժպիտը՝ շրթներուդ,
Կը փշաքաղիմ մտածումէն՝ որ
Միայն ա´ն մնաց, մնացածը՝
Այս կեանքի տաղտկալի մանրուքներն էին,
Որ մեկնեցան առ յաւէտ...
Երբ կը յիշեմ քեզ
-Իսկ ես կը յիշեմ միշտ-
Հառաչանք մը խոր կը բխի սրտէս,
Ի տես ծաղրին՝ որ կ᾿ապրինք մշտապէս.
Ի՞նչ մնաց տարիներէն ու օրերէն,
Ծիծաղներէն ու անդոհանքէն,
Վիշտերէն անհուն, որոնց դարձանք բախտակից,
Ու մնացին անոնք դաջուած մեր օրերուն,
Որպէս անբաժան ստուեր ու հոգիի բեռ...
Երբ կը յիշեմ քեզ,
-Ժպիտդ ինծի ընկեր-
Գիտեմ, որ բաժանումն այս աշխարհէն՝
Կարճատեւ ճամբորդութիւն մըն է միայն
Այս իրականութենէն ՝ մինչ նոր հանդիպում,
Որ կը յամենայ...
2014
ԲԱԳԻՆ, ԾԳ. Տարի, Յուլիս-Սեպտ. 2014, Թիւ 3, էջ 7: