ԵՐԲ ԱԼ ՉԿԱ´Ս

Եթէ կարենայի վերստեղծել քեզ,

Պիտի անփոփոխ պահէի ամէն գիծ ու երանգ,

Քիչ մը աւելի ժպիտ գուցէ դրոշմէի շրթներուդ

Եւ նուազ խենթութիւն երեւի, որ չլքես զիս,

Երբ հովեր աջէն ու ձախէն հմայեն քեզ։

Եթէ կարենայի վերստեղծել քեզ,

Պիտի ուսերս քեզի յենարան պարզէի

Ու սիրոյ կրքոտ խօսքեր շռայլէի,

Քեզ պիտի պահէի միշտ իմ կողքին,

Նման խանդոտ ամուսիններուն,

Որոնց գեղանի կիներուն վրայ

Շուայտ աչքեր կը թափառին միշտ.

Գիշերներուն սիրակէզ ու ամօթխած՝

Բերէի պիտի կարօտի ու սիրոյ զեղումներէս կարասներ,

Լիքը՝ թանձր, բոսոր ու բոցակէզ գինիով,

Ու մինչեւ արեւածագ ըմբոշխնէինք տարօրէն,

Մոռցած՝ վիշտ ու խինդ,-

Օ՜հ, եթէ կարենայի վերստեղծել քեզ։

Հիմա, երբ աʹլ չկաս, ի՞նչ կը մնայ քեզմէ,

Բացի հրաժեշտի սա երգերէս, ու յոյզերէս՝

Որոնք յանձնեցի գիշերային քամիներուն,

Քչիկ մըն ալ յատակը ցուրտ հողին:

Ի՞նչ մնաց ինծի, խայտանքներէն բացի,

Ու օրերէն երանելի,

Ա՜խ, եթէ կարենայի, զանոնք պիտի վերածէի սիրերգի,

Քեզ պիտի քանդակէի այնպէս,

Որուն ցանկայ ամէն այր, գուցէ եւ կի՞ն,

Հանճարեղ վարպետի հմուտ հպումներով,

Խրոխտ կնոջ սէգ հասակով,

Սպիտակին մէջ վեհապանծ կանգնած, որ

Կը սփռէ իր բորբ տարփանքը չորսդին,

Կարծես՝ արուեստի գլուխ-գործոց մը ըլլար՝

Դարերու խորքերէն վերընձիւղած…

2017

Կամար Թիւ 28-2017, էջ 22: