ԵՐԱԶԻՍ ՄԷՋ
Երազիս մէջ այս գիշեր
Հիւրն էի քու մեղկ խնճոյքին,
Ամրոցի մերկ պատերուն ներքեւ
Աֆրոտիդին նման, միգանոյշներու
Խանդոտ նայուածքներուն դիմաց
Ընկողմանած, դուն մետաքսէ շղարշի տակ։
Կը հրապուրէիր զիս, հոլանի մարմինդ
Առագաստի մը նման պարզած,
Կը հրաւիրէիր զիս վարելու նաւդ փառայեղ
Երբեմնի բագոսեան գինարբուքին՝
Հին աստուածներու կրքոտ խնճոյքին.
Մի՞թէ թանգարանի սրահի մը մէջն էի,
Մերկ քանդակի մը դիմաց կանգնած
Ու կ’երազէի՞,- հարց կու տայի ես ինծի։
Բայց ի՞նչ փոյթ, իրակա՛ն էիր, չէ՞
Իմ հարբած երազներուն մէջ,
Մնացածը կարեւոր չէր
Ուշ կամ կանուխ պիտի փոշիանար
Հողին մէջ թէ երազին.
Երազիս մէջ ես վարեցի
Առնաբաղձ կիրքերուդ նաւը փառայեղ
Դէպի նոր ժամանակներ հեռաւոր...
2022