ԵՍ ՈՒ ԴՈՒՆ, ՄԻԱՍԻՆ

Գիտե՞ս արդեօք,

Թէ մռայլ նայուածքիս ետին

Ժպտուն դէմքդ կ’որոնէի,

Մեղմիկ ձայնդ կը տենչայի,

Կարծես հոս էիր, կողքիս։

Ու կը յուշէիր ինծի

Կարօտի, սիրոյ խօսքեր քնարային.

 

Բայց տխուր չեմ, գիտե՞ս,

Երազն ու զեղումները գեղեցիկ են,

Երանութեան անհուն պահեր կը շնորհեն,

Հոգիին թաքուն ծերպերուն՝ արեւու շողեր,

Չարչրկած մտքին՝ հաշիշ ու բալասան են.

 

Ձեզ պիտի չյաջողուի կարդալ խռովքներս թաքուն.

Ես հո՜ն եմ, ի՛ր մօտ, ան՝ հոգիիս մէջ, առյաւէտ։

Մենք երջանիկ ենք, մռայլ դիմակներու ետին,

Միացած երկու կէսեր, զորս աշխարհին կը նային

Հիւսիսային բեւեռի երանութեամբ անհուն։

 

2019