ԵՍ ՅՈԳՆԵՑԱՅ

Ես յոգնեցայ նոյն երգերը երգելէ։

 

Յոգնեցայ մայրիներուն մորմոքն ու մղձաւանջը լսելէ, Պատերազմներուն, որ անվերջ են ու մահաբեր,

Փտածութեան, որ երկիրը վերածեց քաոսի,

Վաղուց ինկած է ան քայքայման հնոցը, մահաբեր,

Իսկ մարդիկ, անորոշութեան գիրկն ինկած, կը տուայտին.

 

Ես յոգնեցայ ցնորքներ հալածելէ.

Երազե՜լ, որ չքնաղ երկիրը Մայրիի

Պիտի զարթնի՜ կրկին փիւնիկին նման,

Դառնայ դարձեալ «Արեւելքի Զուիցերիան»,

Պիտի դադրին նեղ շահերը հատուածական,

Իշխանաւորները ծառայեն լոկ պետութեան

Ու ժողովուրդին շահերուն միայն։

 

Ա՜լ յոգնեցայ երազելէ...

Իսկ սպասումէն...վաղո՜ւց արդէն։

 

Ես յոգնեցայ նոյն ողբը երգելէ,

Հին թէ նորոգ վէրքեր ամոքելէ,

Ձանձրացայ սին յոյս ու հաւատք շնչելէ,

Երբ նոյն երգն է աղէկտուր,

Նոյն սկաւառակը մաշած եղերերգին՝ տխո՜ւր,

Մինչ անիւը կը բանի ապարդիւն,

Օրերն ալ կերթան հա՜մր աղջամուղջին...

 

Յոգնեցայ ալ երազելէ...


2021